2014-05-31 11:30:17

Մայր Սփէրանցայի երանացման արարողութիւնը Քոլլէվալէնցայի մէջ


Շաբաթ, 31 մայիսին, Իտալիոյ Քոլլէվալէնցա քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ,
նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի, տեղի կ՝ունենայ Մարիա Ժոզէֆա Ալհամա Վալէրայի երանացման արարողութինը։
Մարիա Ժոզէֆա Ալհամա Վալէրա` ծնած է 29 սեպտեմբեր 1893-ին Սպանիոյ Սանթոմէրա կոչուած գիւղին մէջ, աղքատ եւ բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։
Քոյր Մարիայի հայրը, չքաւորութեան պատճառաւ, զինք կը յանձնէ Սանթոմէրայի ժողովրդապետին՝ հայր Մանուէլ Ալլակային ու անոր երկու քոյրերու հոգատարութեան։
1914 թուականին, 21 տարեկանին, Քոյր Մարիա, հետեւելով տեղւոյն եպիսկոպոսի խրատներուն, կը մտնէ Քալվարիօ կոչուած փակեալ քոյրերու հաստատութիւնը եւ հոն՝ 15 օգոստոս 1916-ին կը կատարէ կրօնաւորական ուխտերը անուանակոչուելով ''Speranza di Gesù Agonizzante – հոգեվարքի մէջ գտնուող Յիսուսի յոյս''։
Քոյր Սփէրանցա, 12 տարեկանէն սկսեալ, իր երազին մէջ յաճախ կը տեսնէր Սրբուհի Թէրէզան, որ իրմէ կը խնդրէր, իրեն նման, աշխարհի մէջ տարածել ''Ողորմած սիրոյ պաշտամունքը''։
1931-ին, կ՛որոշէ թողուլ միաբանութիւնը ազատօրէն նուիրուելու աղքատներու ծառայութեան, ու Մատրիտի մէջ կը հիմնէ իր առաջին ''Ողորմութեան Սիրոյ աղախիններ'' անունով հաստատութիւնը որուն յաջորդեցին այլ կեդրոններ Սպանիայի զանազան քաղաքաներուն մէջ։
1936 թուականին Քոյր Սփէրանցա եւ իրեն ընկերացող երեք բարերարուհիներ կը ժամանեն Հռոմ՝ հիմնելու աղքատներուն յատկացուած նոր տուն մը։
16 օգոստոս 1940-ին Քոյր Սփէրանցա կը կանչուի Սուրբ Աթոռ բացատրութիւններ տալու իր հիմնած միաբանութեան ''Ողորմած Սէր'' վարդապետութեան վերաբերեալ։
10 ապրիլ 1941 –ին Սուրբ Աթոռի որոշումով քոյր Սփէրանցան, պաշտօնազուրկ կ՛ըլլայ իր հիմնած միաբանութեան մեծաւորուհի պաշտօնէն եւ կ՝ուղարկուի Հռոմ ուր պարզ մայրապետի մը նման կը շարունակէ իր գործունէութինը, իր միաբանակից քոյրերուն խրատելով հնազանդիլ, մեծաւորներու խօսքին։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանին, Քոյր Սփէրանցա, Աստուծոյ ողորմութեան պատգամը կը տարածէ ամէնուրէք. Կ՛իրականացնէ կարի գործատեղի մը որուն եկամուտով՝ օգտակար կը դառնայ գաղթական մանուկներուն։
15 օգոստոս 1951-ին, կը հիմնէ ''Աստուծոյ ողորմութեան զաւակներ'' միաբանութիւնը։ Երեք օր վերջ, 18 օգոստոս 1951 –ին, Մայր Սփէրանցա կը տեղափոխուի Իտալիոյ Ումպրիա նահանգի Քոլլէվալէնցա գիւղաքաղաքը ուր կը հիմնէ ''Աստուծոյ Ողորմութեան զաւակներ եւ աղախիններ'' հասարակութիւնը։
1952 թուականին, Մայր Սփէրանցա, միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին կ՝ընտրուի որպէս Միաբանութեան ընհադնուր մեծաւոր Մայր, մինչեւ 1976 որմէ ետք Պատւոյ տիտղոսով կը մնայ Մեծաւորուհի։
Քոլլէվալէնցայի մէջ, Ան կ՛իրականացնէ՝ Աստուծոյ ողորմութեան նուիրուած Սրբավայր մը, ուր ամէն օր կ՝ընդունէ հարիւրէ աւելի թշուառութեան մէջ գտնուող անձեր, անոնց վկայելով թէ Աստուած Հայր մըն է որ կը սիրէ, կը ներէ եւ բազկատարած կ՛ընկալէ իր զաւակները։
22 նոյեմբեր 1981-ին, երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայպետը կ՛այցելէ Քոլլէվալէնցայի սրբավայրը ու հոն կը հանդիպի Մայր Սփէրանցային։
Մայր Սփէրանցա իր աչքերը կը փակէ առ յաւէտ` 8 փետրուար 1983-ին։ Սրբադասման դատը սկիզբ առաւ 24 ապրիլ 1988-ին, եւ 23 ապրիլ 2002-ին ան ճանչցուեցաւ որպէս Աստուծոյ աղախին։ Անոր մարմինը զետեղուած է Քոլլէվալէնցայի Սրբավայրին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.