2014-05-31 09:47:48

Հայ եւ Թուրք մտաւորականներ խաղաղութեան միացեալ կոչ կ՛ընեն։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ թուրք եւ հայ մտաւորականներ հանդէս եկած են խաղաղութեան կոչ ընող միացեալ նամակով մը:
Մտաւորականները նամակի յառաջաբանին մէջ կը գրեն. «Այս նամակը ստորագրած մտաւորականներուս ընդհանուր երազը՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ խաղաղ ժամանակաշրջանի մը սկսիլն է՝ երկու ժողովուրդներու եւ անոնց պատմութեանց նկատմամբ յարգանքի ծիրէն ներս»:
Մտաւորականները կը նշեն, որ այնքան ատեն, որ Թուրքիա չի կրնար ձերբազատիլ անցեալի յանցագործութեանց բեռէն, անիկա պիտի չկրնայ անխոչընդոտ կերպով դիմաւորել ապագան: Միաժամանակ, ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն փաստին վրայ, որ վերջին տասնամեակին Թուրքիոյ մէջ զգալի տեղաշարժ կայ անցեալի յանցանքներու հետեւանքները յաղթահարելու առումով: Իբրեւ օրինակ կը տրուին գիտական շրջանակներու որոշ ուսումնասիրութիւնները, մշակութային միջոցառումները, կոթողներու վերանորոգման գործընթացները, իրենց ծագումին մասին շատերու փնտռտուքները, զոհերու յիշատակի ոգեկոչման հանրային միջոցառումները, եւ այլն:
Նամակին մէջ կը խօսուի նաեւ սահմանի բացման, Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ տնտեսական շրջափակման վերացման, Հայաստանը մեկուսացումէն հանելու, Հայաստանին՝ դէպի սեւծովեան նաւահանգիստներէն մէկը (Տրապիզոն կամ Սամսուն) դուրս գալու արտօնեալ հնարաւորութիւն տալու անհրաժեշտութեան եւ այլ հարցերու մասին:
Մտաւորականները կը շեշտեն, թէ իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ մատնանշուող Արարատ լեռը կրնայ հայերու եւ թուրքերու համար իւրօրինակ ազատ գօտի դառնալ, միաժամանակ՝ հանդիսանալով խաղաղութեան փարոս՝ երկու կողմերուն համար:
Նամակ-կոչը ստորագրած են աւելի քան 2 տասնեակ հայ եւ թուրք մտաւորականներ, ներառեալ՝ Ճենկիզ Աքթար, Ահմետ Ինսել, Ալի Պայրամօղլու, Սամիմ Աքկէօնուլ, Սերժ Աւետիքեան, Արմանտ Սարեան, Աղաւնի Փամուքչեան եւ Տենիս Տօնիկեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.