12 Հետեւեալ օրը` մեծ
բազմութիւն մը, որ եկած էր տօնին, երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ, 13 առաւ
արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու, եւ կ'աղաղակէր. “Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ է
Իսրայէլի թագաւորը` որ կու գայ Տէրոջ անունով”: 14 Յիսուս` գտնելով աւանակ մը` նստաւ
անոր վրայ, ինչպէս գրուած է. 15 “Մի՛ վախնար, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա՛ Թագաւորդ կու գայ`
նստած իշու աւանակի վրայ”: 16 Անոր աշակերտները նախապէս չհասկցան այդ բաները. բայց
երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն յիշեցին թէ ատոնք գրուած էին անոր մասին, եւ թէ իրենք
ըրին անոր այդ բաները: 17 Իրեն հետ եղող բազմութիւնը կը վկայէր թէ գերեզմանէն դուրս
կանչեց Ղազարոսը ու մեռելներէն յարուցանեց զայն: 18 Այս պատճառով ալ բազմութիւնը դիմաւորեց
զինք, որովհետեւ լսեցին թէ ի՛նք ըրած էր այս նշանը: 19 Իսկ Փարիսեցիները կ'ըսէին իրարու.
“Կը նշմարէ՞ք թէ անօգուտ է. ահա՛ [ամբողջ] աշխարհը *կը հետեւի անոր``”: 20 Հոն` տօնին
երկրպագելու բարձրացողներուն մէջ` քանի մը Յոյներ կային: 21 Ասոնք մօտեցան Փիլիպպոսի,
որ Գալիլեայի Բեթսայիդայէն էր, ու կը թախանձէին անոր` ըսելով. “Տէ՛ր, կ'ուզենք Յիսո՛ւսը
տեսնել”: 22 Փիլիպպոս եկաւ եւ ըսաւ Անդրէասի, ապա դարձեալ Անդրէաս ու Փիլիպպոս [միասին]
ըսին Յիսուսի: 23 Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. “Ժամը հասաւ` որ մարդու Որդին փառաւորուի: