2014-05-31 09:45:16

Զմմառու վանքի ուխտի օրը։


Մայիս ամիսը Զմմառու վանքին համար իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի: Ան Ուխտի Օրն է վանքիս ցաւագին Տիրամօր, որուն երկդարեան արցունքներուն անհատնում շիթերը, մեր մեղքերուն պատճառած տառապանքին մարմնացումն են: Ուխտի Օրուան առթիւ` Եկեղեցին և բարեպաշտ ժողովուրդը յարգանքի տուրք մը, մեծարանքի արտայայտութիւն մը, սիրոյ հաւաստիք մը և խնկաբոյր աղօթք կ'ընծայեն Երկնքի Դշխոյին: Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հայրերուն՝ ի պատիւ Սուրբ Կուսին յօրինած հոգեսլաց շարականները ծաղկեփունջ մըն են, ընծայուած՝ անոր անապական կեանքին, առանձնաշնորհումներուն և առաքինութեանց: Զմմառու պատմական վանքը իր հիմնադրութեան օրէն (1749), Տիրամօր ուխտավայր մը եղած է, ուր ամէնազգի քրիստոնեայ հաւատացեալներ, ամէն տարի շարան շարան ուխտի կու գան: Ան տառապանքի խորհուրդներով տխրասքօղ, Մայրն ու պաշտպանն է Զմմառու վանքիս: Աւելի՛ն, դարերու մրրիկներէն շանթահարուած վանքին ու Կաթողիկոսական Միաբանութեան ան մայրական գութ շնորհած է, իր հրաշալի միջամտութիւններով: Մարիամ իր այս աստուածային մայրութիւնը կը կատարէ երկնաձիր շնորհքներու և գանձերու բաշխումով: Ան համայն մարդկութեան և յատկապէս Հայութեան Տիրամայրն է, որ մոլորութեան մէջ խարխափող ու մոլութեան մէջ տուայտող անոր զաւակները դարձի բերելու համար կ'արտասուէ, սրտին խորերէն թախանձագին աղօթքներ կը մրմնջէ և գորովագութ մօր մը պէս, հոգեւոր և մարմնաւոր բարիքներ կը բաշխէ, որովհետեւ եօթնարփեան շնորհքներու լիութիւնը ունենալով Տէրը միշտ իր հետն է, ու իր տրտմութեան մէջ անգամ կիներու մէջ օրհնուած ըլլալով՝ հայ Եկեղեցւոյ շարականին համաձայն՝ բարիքներու բաշխիչ, ծարաւիներու աղբիւր ու յոգնածներու հանգստարան է:

Այս տարի, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւններու և անոնց զանազան Միութիւններուն համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Զմմառու վանքի Երանելի Մալոյեան և Ս. Միքայէլ դպրեվանքներու սաներուն, հաւատացեալ և ուխտաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ, Աստուածածնայ ամսուայ աւանդական Ուխտի Օրը պիտի տօնախմբուի Կիրակի 1 Յունիս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Զմմառու վանքի հրապարակին վրայ թափօրով և բացօթեայ Սուրբ և Անմահ Պատարագով:








All the contents on this site are copyrighted ©.