2014-05-30 10:29:16

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մասնակցի ''Սուրբ Հոգւոյն մէջ վերանարոգում'' շարժումի հաւաքին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Կիրակի 1 Յունիսի երեկոյեան, պիտի մասնակցի ''Սուրբ Հոգւոյն մէջ վերանարոգում'' շարժումին ազգային 37-րդ հաւաքին, որ առաջին անգամուայ համար, կը գումարուի Հռոմի մէջ եւ տեղի պիտի ունենայ 1 եւ 2 յունիս 2014-ին Հռոմի ''Օլիմփիքօ'' մարզադաշտին մէջ։Այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը իր մասնակցութիւնը կը բերէ վերոյիշեալ հաւաքին։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիսանայ երկորդ Քահանայապետը որ Իտալիոյ մայրաքաղաքին մարզադաշտը պիտի այցելէ։
Վերոյիշեալ շարժումի նախագահ` Սալվաթորէ Մարդթինէզ բաց նամակով մը իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնած է Սրբազան Հօր մասնակցութեան համար։ Կը նախատեսուի նաեւ մասնակցութիւնը բազմաթիւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, որոնցմէ նշենք` Կարտինալ Անճելօ Գոմասթրին, Վատիկանի` Քահանայապետին տեղապահը, Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Քահանայապետի Հռոմ քաղաքին տեղապահ եւ ֆրանչիսկեան հայր Ռանիէրօ Քանթալամեսսան` քահանայապետական տան քարոզիչը։
Վերոյիշեալ շարժումը ծնունդ առած է 1960 ական թուականներուն միացեալ նահանգներու մէջ կէտնպաատակ ունենալով շեշտը դնել 'Սուրբ Հոգւոյ պարգեւներուն'' ու Անոր շնորհած խարիզմներուն։ Հաւաքին բնաբանն է` ''Ապաշխարեցէք. Հաւատացէք. Ընդունեցէք Սուրբ Հոգին. Դէպի դուրս ընթացող Եկեղեցւոյ մը առաքելութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.