2014-05-30 11:44:06

''Քրիստոնէական կեանքը տօնախմբութիւն մը չէ այլ յոյսի մէջ ուրախութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014-ի առաւօտեան մատուցած առօրեայ Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսի իր աշակերտներուն տուած խոստումին վրայ` ''Ձեր տխրութիւնը ուրախութեան պիտի վերածուի'', ու հաստատեց թէ Քրիստոնեաներու ուրախութիւնը Յոյսի մէջ ուրախութիւն մըն է։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց թէ ''կեանքին մէջ շատ անգամ վախի կը մատնուինք, նոյնիսկ Յիսուս Գեթսեմանիի պարտեզին մէջ, պահ մը վախի մատունեցաւ։Սակայն Ան մեզի կ՛ըսէ ''մի վախնաք, այո՛ պիտի տխրիք, պիտի լաք ու ձեր հակառակորդները պիտի հրճուին'' սակայն ճիշդ այդ դժուար պահերուն է որ ձեր տխրութիւնը ուրախութեան պիտի վերածուի` հաւատքի ներգործութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ կեանքի պայմաններուն առջեւ, հիւանդի մը կամ յուսահատութեան մէջ ապրողի մը դժուար է ըսել ''Քաջութիւն, մի վախնար'' սակայն մտաբերենք ծծննդաբերող կին մը, որ ցաւերով կը ծնի իր մանուկը, բայց երբ զայն իր բազուկներուն մէջ կ՛առնէ, կը մոռնայ իր բոլոր ցաւերը եւ ուրախութիւնը կը պատէ անոր սիրտը` Յոյսի ուրախութիւն մը, որ կը համապասխանէ Եկեղեցւոյ այսօրուայ պատգամին. ''Մի Վախնաք, հակառակ տառապանքներուն, որովհետեւ խաւարին պիտի յաջորդէ արեւը''։ Թող Տէրը մեզի բոլորիս պարգեւէ յոյսի մէջ այս ուրախութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.