2014-05-30 13:10:35

Եւրոպական Խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ իրենց յաղթանակէն ետք, Յոյն Ձախ Արմատականները կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը


«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով արեւմտեան լրատուական միջոցներուն, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ ձայներու առաւելագոյն համեմատութիւնը ստացած արմատական ձախ համախոհութեան (Սիրիզա) ղեկավարը կոչ ուղղած է Յունաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու:
Սիրիզա կուսակցութեան 39-ամեայ ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս յայտարարած է. «Ձայներու այսպիսի վերաբաշխման իբրեւ արդիւնք կառավարութիւնը այլեւս պիտի չկարենայ կայացնել կարեւոր որոշումներ, որոնք պիտի ազդեն երկրի ապագային վրայ»:
Ան նաեւ յայտարարած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները կարելի է «հանրաքուէ» նկատել Յունաստանի կառավարութեան վարած տնտեսական խիստ ծրագիրին շուրջ, որ, ըստ իրեն, այլեւս կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.