2014-05-30 10:03:08

''Աղօթքի հանդիպում խաղաղութեան ի խնդիր'' Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը։


29 Մայիս 2014-ին հրատարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ ''Խաղաղութեան ի խնդիր աղօթքի հանդիպումը'', որուն` Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իսրայելի նախագահ Շիմոն Փերես եւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը, տեղի պիտի կ՛ունենայ յառաջիկայ Կիրակի 8 Յունիսի յետմիջօրէին Վատիկանի մէջ։
Յայտնենք որ` 24 – 26 Մայիս Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, 25 Մայիսին Բեթղեհէմի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, ''Ուրախ լեր Մարեմեան'' աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը անակնկալ հրաւէր մը ուղղած էր Պաղեստինի եւ Իսրայելի նախագահներուն` Վատիկանի մէջ հանդիպելու եւ միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։
''Այս վայրին մէջ ուր ծնած է խաղաղութեան իշխանը – ըսած էր Նորին Սրբութիւնը - ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղութիւնը։
Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ իմ տունս` Վատիկանը միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։ Ամէնքս կը մաղթենք խաղաղութիւնը եւ կը ձգտինք անոր, առ աւելի անոնք որոնք ժողովուրդներու պատասխանատուութիւնն ունին. Պարտականութիւնը ունինք ըլլալու խաղաղութեան գործիքներ եւ կերտիչներ, յատկապէս աղօթքով։ Խաղաղութեան կերտումը դժուար է, սակայն անխաղաղ կեանք ապրիլը չարչարանք է։Երկրի բոլոր մարդիկը մեզմէ կը խնդրեն Աստուծոյ առջեւ դնելու իրենց խաղաղութեան ձտգող ցանկութիւնները։ Վսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը վերոյիշեալ խաղաղութեան համար աղօթքի հանդիպումին հրաւէրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.