2014-05-29 09:59:05

''Քոր Ունում'' Քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի Սուրիոյ ի նպաստ հաւաքը։


Ուրբաթ, 30 Մայիսին, Քահանայապետական ''Քոր Ունում – մէկ Սիրտ'' բարեսիրական մարմինը, Վատիկանի մէջ գումարած է համադրող հանդիպում մը, Սուրիոյ ի նպաստ գործող Կաթողիկէ 25 բարեգործական մարմիններու մասնակցութեամբ։
Հանդիպումին բացումը կը կատարէ վերոյիշեալ Մարմնի նախագահ` Կարտինալ Ռոպերդ Սարան, որուն կը յաջորդէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փարոլինի զեկոյցը, ապա ելոյթ կ՛ունենան Սուրիոյ մօտ առաքելական Նուիրակ` գերապայծառ Մարիօ Զէնարի եւ Սուրիոյ Քարիթասի նախագահ` գերապայծառ Անթուան Օտօ։
Հանդիպումի ընթացքին պիտի ներկայացուի, անցեալ տարի ստեղծուած` Պէյրութի տեղեկատուական գրասենեակի գործունէութեան հաշուեկշիռը ու պիտի քննարկուի կաթողիկէ բարեգործական մարմիններու միջեւ համագործակցութեան գործընթացը։
Հանդիպումի գլխաւոր նպատակն է, լուսարձակի տակ առնել` Սուրիոյ տագնապի հայող բարեսիրական գործունէութիւնը, բացայայտելով դիմագրաուած դժուարութիւնները եւ ընդգծելով ապագայի ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները։
Սուրբ Աթոռը յանձնառումով կը մասնակցի Սուրիոյ բնակչութեան ի նպաստ բարեսիրական գործունէութեան։ Վերջին տուեալներու համաձայն, Սուրիոյ պատերազմը պատճառած է արդէն 160 հազար մեռեալ, մինչ 2 միլիոն սուրիացի, Միջին Արեւելեան շրջանի երկիրներուն մէջ ապաստանած են որպէս գաղթական, իսկ 6 միլիոն սուրիացիներ տեղահան եղած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.