2014-05-29 10:08:15

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքին։


Այս առընչութեամբ ունինք միքանի ուսումնասէր հեղինակներ, որոնք մեծապէս ազդած են ընտանիքի հոգեբանութեան եւ անոր ընկերային կարգավիճակին վրայ։ Առ օրինակ, Ֆրէտէրիխ Հենկել՝ գերմանացի փիլիսոբայ, արտայայտուած է, ընտանիքի մասին, կատարած ուսումնասիրութիւններուն մէջ թէ. "ամուսնական կեանքին մէջ տեղի կ'ունենայ առաջին պայքարը մարդկային դասակարգերու միջեւ" եւ այս գաղափարը որդեգրուած է դասականներու քննարկումներուն մէջ։ Անտարակոյս, կարող ենք ընդունիլ այս աշխատասիրութիւնը եւ տեսնել այն, ինչ որ ուսումնասէր Ֆրէտերիխը տեսաւ, այնքան որքան հանգամանքային անհաւասարութիւն կը դնենք երկու ամուսիններու միջեւ։ Արդարացի կը տեսնենք հեղինակին ուսումնասիրութիւնը պատկերաւոր կերպով, եթէ մերկացնենք մարդը իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներէն, երբ հեռացնենք զինքը իր Արարիչէն որ հաւասար կերպով ստեղծեց երկու սերէ բաղկքացած այրն ու կինը։ Այո այն ատեն մոռնալով իր ինքնութիւնը, կեանքի կոչումը, պատկանելիութիւնը, պայքառը, դիւրիմացութիւնն ու բաժանումը կը դառնան հասարակութեան մէջ բնական երեւոյթ, դասակարգերու դաշտ։ Այսինքն վերոյիշեալ հեղինակը իրաւունք կ՛ունենայ ընտանիքը կարգելու որպէս առաջին դասակարգերու պայքար։ Ուրիշ պատմաբան հեղնակներ ալ կան որոնցմէ մէկը Բիդր Լազլէդ անունով աշխատասիրութիւն մը տարած է ընտանիքի վրայ եւ որուն մէջ զայն կը բաժնէ Հինգ դասակարգերու։ Ընդհանրապէս ընդունուած ամուսնու թիւնը, առաւել չորս տարբեր կորիզներ։
ա – Կորիզ, այսինքն ընտանիքը, որ կազմուած է մէկ ամուսնական միաւորէ։
բ – Ընդարձակ ընտանիք՝ այսինքն այն ընտանիքը որ մէկ միաւորի ամուսնութեամբ ընտանեկան կապեր ունեցող, ինչ որ մեր բառբարով կը կոչենք, ՏՈՀՄԱՅԻՆ կամ ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ Ընտանիք։
գ – Բազմաթիւ, այսինքն այն ընտանիքը որ կազուած մէկէ աւելի ամուսնական կապերով։
դ – Անկազմ կապերով ընտանիք, այսինքն ապոռինի կենակցութեամբ կազմուած ընտանիք, որ կը կոչենք "աղջիկ մայր"։
Այս ուսումնասիրութենէն դուրս, ընկերաբաններու մօտ ալ ուրիշ ԵՐԵՔ գլխաւոր բաժանում ներ բերած են, իրենց ենթաբաժանումներով, առաւել միասեռականութիւնը, որուն պատաս խանը կը գտնենք, Գիրք Ծննդոցի մէջ, ուր յստակ սահմանումով Աստուած ընտանիքը ստեղծեց երկու տարբեր սեռերով, հետեւաբար հարկ չկայ խորանալու քննութեան մէջ, քանի մաս չի կազմեր մեր ըմբռնումներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.