2014-05-28 10:19:03

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Բարեկրթութիւնը յաջողութեան գրաւական յարգալից վերաբերմունքը կրնայ օգնել յաջողութեան հասնելու մարդու գործին:
Շնորհակալութիւն յայտնեցէք աշխատակիցին: Ամէն անգամ, երբ յարգալից կը ժպտաս մէկուն, կը հիանաս աշխատակիցի աշխատանքով կամ կը գովես օգնականդ, անոնց տրամադրութիւնը անմիջապէս կը փոխուի: Լաւ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ յետոյ կը փոխանցուի ընկերութեան բոլոր աշխատակիցներուն:
Շուկայական յարաբերութիւններու գլխաւոր կանոնը մրցակիցները հեռացնելն է. յաճախ կ’ըսուի, թէ պէտք է հնարաւորինս արագ փախցնէք կարկանդակի ձեր բաժինը: Սակայն, պէտք է գիտնալ, թէ տիեզերքը անսահման է եւ սէրը նոյնպէս կրնայ յաւիտենական ըլլալ: Կարկանդակի վերջին պատառը փախցնել փորձելու փոխարէն՝ պատկերացուցէք, որ կարկանդակը այնքա՜ն մեծ է, որ բոլորին ալ պիտի բաւականացնէ: Մի’ յուսահատիք, եթէ ղեկավարը ձեր պաշտօնը իջեցնէ կամ նախագիծը տայ ուրիշին: Այդ փաստը դիտարկեցէ՛ք իբրեւ խթան ձեր ինքնակատարելագործման համար, հարստացուցէ՛ք գիտելիքները, եւ յաջողութիւնը կը ժպտայ ձեզի:
Ամէն անգամ հակառակորդի հետ վիճելով` կը ցածցնէք ձեր վարկանիշը: Վէճի պատճառով կրնաք կորսնցնել ամէն ինչ` ե՛ւ յաջողութիւն, ե՛ւ աշխատանք, ե՛ւ մարդոց բարեհաճութիւնը ձեզի հանդէպ: Մտայղացումներ իրականացնելու փոխարէն ձեր եռանդը կը վատնէք վիճաբանութեան ու դատարկ տարաձայնութիւններու վրայ: Այդպիսի մեթոտները միայն քայքայման կը տանին: Ընտրեցէք այլ ճանապարհ: Ուղղակի մօտեցէ՛ք այն աշխատակիցին, որուն հետ վատ յարաբերութիւններու մէջ էք, անոր մէջ գտէ՛ք որեւէ դրական կողմ եւ այդ առիթով ալ հաճոյախօսեցէ՛ք անոր: Ան պիտի շոյուի ձեր ուշադրութենէն, պիտի զգայ, որ ինքը անհրաժեշտ է եւ պիտի փորձէ աւելի կատարելագործուիլ: Տուեալ մարդը, հաւանաբար, այլ կերպ ճանչնաք ու ձեռք բերէք նոր բարեկամ մը: Բարեկամական յարաբերութիւնները կը ստեղծեն խթանող ջերմ մթնոլորտ, միաժամանակ կը բարելաւեն աշխատանքի որակը:
Գործի մէջ գլխաւորը առաջին հերթին դուն քեզի հանդէպ ազնիւ ըլլալն է: Ինչո՞ւ ազնիւ չըլլալ նաեւ աշխատակիցներու հետ եւ անոնց չըսել իրենց սխալներուն մասին: Ճիշդ է, անոնք կրնան վիրաւորել. Չէ՞ որ բնաւորութիւնները տարբեր են, բայց եթէ ցոյց չտաք սխալները, հնարաւոր է իրենք ինքնուրոյն չնկատեն եւ չուղղեն:
Մի՛ փորձէք չափազանց խելացի երեւալ: Եթէ մարդը իսկապէս խելացի է, ան երբեք չի պարծենար ու չի խօսիր այդ մասին: Այնպէս որ, լռութիւնը ամենաճիշդ ձեւն է: Որեւէ մէկուն հետ խօսելու ժամանակ, եթէ դուք անոր հանճար զգալու հնարաւորութիւն տաք, շատ շուտով պիտի ուզէ ձեզի պատմել իր մտայղացումներուն մասին, բազմաթիւ խորհուրդներ պիտի տայ եւ անգամ մոռնայ, որ դուք իր մրցակիցն էք, եւ որ պէտք չէ զանոնք ձեզի պատմէր:







All the contents on this site are copyrighted ©.