2014-05-27 10:24:30

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը Վերնատան մէջ


''Տիրոջ կողմէ մեծ շնորհք մըն է ՝ համախմբուիլ վերնատան մէջ, Սուրբ Զոհը մատուցանելու։ Հոս այս վայրին մէջ ուր Յիսուս կատարեց վերջին ընթրիքը Առաքելաներուն հետ. հոս ուր յայտնուեցաւ անոնց իր Յարութենէն ետք եւ հոս ուր Սուրբ Հոգին իջաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ առաքելաներուն վրայ''։
Այս բառերով է որ Նորին Սրբութիւնը սկսաւ Վերնատան մէջ նախագահած ուխտագնացութիւնը եզրափակող Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը, որուն մասնակցեցան Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու առաջնորդները եւ Սրբազան Քահանայապետի ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հաստատեց թէ ''հոս է ուր ծնաւ Եկեղեցին'', այստեղէն է որ Եկեղեցին մեկնեցաւ իր ձեռքերուն մէջ կրելով Յիսուսի բեկանուած հացը, իր աչքերուն մէջ ունենալով Յիսուսի վէրքերը։
Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Վերնատունէն իւրաքանչիւր քրիտոնեայի եւ Եկեղեցւոյ փոխանցուած էական ապրումներուն վրայ. Յիսուսի ոտնլուայի արարողութիւնը ՝ ծառայել աղքատին, հիւանդին եւ անտեսուած անձերուն։
Սուրբ Հաղորդութիւնը` Յիսուս մեզի համար կը զոհուի, որպէսզի մենք կարենանք միանալ իր Հօր։Բարեկամութիւնը՝ չեմ կոչեր ձեզ ծառաներ, այլ բարեկամներ (Յովհ 15,15)։ Յիսուսի հրաժեշտը ու դարձեալ հանդիպելու խոստումը, Յիսուս մեզմէ առաջ կ՝երթայ Հօր տունը։
Վերնատունը կը յիշեցնէ նաեւ դաւաճանութիւնը, ''ո՞վ դաւաճանեց Յիսուսը''։ Կը յիշեցնէ նաեւ բարեկամութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ անդորրութիւնը։
Վերնատունը կը յիշեցնէ Նոր Ընտանիքի մը ծնունդը՝ Եկեղեցին, հաստատուած Յարուցեալ Յիսուսի կողմէ եւ ունի Մայր մը` Աստուածածինը։ Քրիստոնեայ ընտանիքները կը պատկանին այս մեծ ընտանիքին, ու ամէնքն ալ, որեւէ ժողովուրդի կամ լեզուի պատկանող, հրաւիրուած ու կոչուած են` Աստուծոյ զաւակներ, բոլորս եղբայրներ եւ զաւակներ ենք միակ Հօր որ կը գտնուի երկինքի մէջ։
Վերնատան հորիզոնը Յարուցեալին եւ Եկեղեցւոյ հորիզոնն է որ Սուրբ Հոգւոյն նոր շունչը կը սպասէ` ''Եկ Սուրբ Հոգի եւ նորորգէ Երկրի դիմագիծը'' եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.