2014-05-26 12:55:43

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Բարթողոմիոս պատրիարքը ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը։


''Երկու Հայրապետները մտահոգ են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակէն''։

Նախ քան Երուսաղէմի Ս. Թաղման տաճարին մէջ տեղի ունեցած համամիութենական աղօթքը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Բարթողոմիոս պատրիարքը, 25 մայիս 2014-ի երեկոյեան, ստորագրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը որով մասնաւորապէս յանձն առին գործել Եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս ու յայտնեցին իրենց խոր մտահոգութիւնը ի տես Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակին։
10 կէտնոց բնագիրին մէջ կը կարդանք` ''Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ տիեզերական Աթենակորաս պատրիարքի նման, որոնք հոս` Երուսաղէմի մէջ, իրարու հանդիպեցան, 50 տարի առաջ, մենք եւս` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Բարթողոմէոս տիեզերական պատրիարքը, ուզեցինք իրարու հանդիպիլ Ս. Երկրին մէջ, ուր մեր հասարակաց Փրկիչը, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, ապրեցաւ, քարոզեց, մեռաւ, յարութիւն առաւ եւ երկինք համբարձաւ։ Մեր այս հանդիպումը, ժամադրուած այլ տեսակցութիւն մըն է Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն միջեւ, հիմնուած առաքեալ երկու եղբայրներէ` Պետրոսի եւ Անդրիասի կողմէ։ Ասիկա մեզի համար հոգեւոր ցնծութեան աղբիւր է եւ մեզի կը շնորհէ բարեբեր առիթ մը ամրապնդելու 50 տարի առաջ սկսած մեր սերտ կապերը։
Այս օրուայ Եղբայրական մեր հանդիպումը, նոր եւ հարկաւոր քայլ մը կը հանդիսանայ դէպի միութեան տանող ճանահապարը, որուն մեր առաջնորդն է Ս. Հոգին։
Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի եւ Տիմիդրիոս պատրիարքի որոշումով սկիզբ տրուեացաւ աստուածաբանական երկխօսութեան։ Այս երկար տարիներու ընթացքին Աստուած մեզի սորվեցուց մէկը միւսը նկատել որպէս անդամ միեւնոյն քրիստոնեայ ընտանիքին եւ իրարզիրար սիրել, որպէսզի կարողանանք դաւանիլ Քրիստոսի Աւետարանին մեր հաւատքը։
Որպէս քրիստոնեաներ մեր պարտականութիւնն է լաւագոյնս պատրաստուիլ միասնաբար մատուցանելու Ս. Զոհը եւ ընդունելու ս. Հաղորդութեան շնորհքը։
Այս նպատակին հասնելու համար յոյժ կարեւոր է աստուածաբանական միջազգային խառն յանձնախումբին աշխատանքը։ Հոս կ'ուզենք մեծապէս գնահատել ցայժմ տարուած աշխատանքը, որուն նպատակն է ամբողջական ճշմարտութեան խորացումը, որ Քրիստոս տուաւ իր Եկեղեցւոյ։
Թէեւ կը յառաջանանք դէպի կատարեալ հաղորդութիւն, պարտականութիւնն ունինք հասարակաց վկայութիւն մը տալու Աստուծոյ անհուն սիրոյ` հանդէպ բոլորին։
Մենք խորապէս համոզուած ենք որ մարդկային ցեղին ապագան կախում ունի նաեւ արարչագործութեան պահպանումի մեր վարուելակերպէն։
Երկու Հայրապետները ապա կոչ ուղղեցին քրիստոնեաներուն, ճշմարիտ երկխօսութիւն հաստատելու հրեաներուն եւ իսլամներուն հետ եւ այլ աւանդական կրօներուն հետ, մատնանշելով որ անտարբերութիւնը եւ փոխադարձ տգիտութիւնը կ'առաջնորդեն դէպի անվստահութիւն ու երբեմն ալ դէպի ընդհարում։
Երուսաղէմ քաղաքէն կ'ուզենք յայտնել մեր խոր մտահոգութիւնը հանդէպ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին։ Վստահութեամբ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Ամենակալ ու ողորմած Աստուծոյ, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատէ Ս. Երկրին ու Միջին Արեւելքին մէջ։ Մասնաւորապէս մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի եկեղեցիներուն համար, որոնք շատ տարապեցան զինեալ ընդհարումի հետեւանքով։
Հետեւելով Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ տիեզերական Աթենակորաս պատրիարքի օրինակին, կոչ կ'ուղղենք քրիստոնեաներուն եւ աւանդական կրօներու հաւատացեալներուն ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց աշխատելու ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան, ու մարդկային ցեղի միութեան օրինական տարբերութիւններու յարգանքով, համայն մարդկութեան ու ապագայ սերունդներուն բարիքին համար։
Միացեալ յայտարարութիւնը կ'եզրափակուի այս խօսքերով. ''մինչ միասնաբար կ'ապրինք այս ուխտագնացութիւնը այն վայրին մէջ ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ խոնարհաբար մեր պաղատանքը կը յանձնարարենք Տիրամօր բարեխօսութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.