2014-05-26 08:20:56

Համամիութենական աղօթք սուրբ Թաղման Տաճարին մէջ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը` ''Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան''։


Այս Պազիլիքային մէջ, ուր ամէն քրիստոնեայ նայուածքը կ՛ուղղէ խոր երկիւղածութեամբ, ուխտագնացութիւնս, զոր կը կատարեմ իմ սիրելի եղբօրս ի Քրիստոս, Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա-ին հետ, կը հասնի իր գագաթնակէտին։ ''Այս կը կատարենք մեր նախորդներուն, Պօղոս Զ եւ Աթէնակորաս Պատրիաքի հետքերուն վրայ, որոնք հիսուն տարիներ առաջ իրագործեցին պատմական հանդիպումը Երուսաղէմի այս սուրբ Երկրին մէջ'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց համամիութենական հանդիպումի իւրայատուկ վայրին` դատարկ գերեզմանը, ուր Յովսէփ Արեմաթացին զետեղած էր Յիսուսի մարմինը։ Վայրը որ հանդիսացաւ Յարութեան հռչակումին մէկնակէտը որ կը ներկայացնէ քրիստոնէական պատգամին սիրտը, սերունդէ սերունդ փոխանցուած ։
Այս է մեզ միացնող հաւատքի հիմնաքարը որուն շնորհիւ կը դաւանինք թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Միածին որդին է եւ մեր միակ Տէրն է։
Կանգնած ենք դատարկ գերեզմանին մօտ, վերագտնելու մեր քրիստոնէական կոչումի վեհանձնութիւնը. Մենք Յարութեան եւ ոչ թէ մեռելներու այրեր եւ կիներ ենք։ Այս վայրէն սորվինք ապրիլ մեր կեանքը ու մեր Եկեղեցիներուն ու համայն աշխարհի ցաւերը, Զատկուայ արշալոյսի հեռանկարով։
Ամէն մէկ վէրք. Ամէն մէկ տառապանք, ամէն մէկ ցաւ, ծանրաբեռնուած է Բարի Հովիւի ուսերուն վրայ, որ ինքզինք նուիրեց ու իր զոհաբերումով մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը։ Թոյլ չտանք որ մեր յոյսին հիմը գողնան։ Աշխարը չի զրկենք Յարութեան աւետիսէն եւ խուլ չի ձեւանանք միութեան կոչին դիմաց, որ այս վայրին մէջ կը հնչէ։
''Չենք կրնար ժխտել բաժանումները որ տակաւին կը գոյատեւեն մեր` Յիսուսի աշակերտներուս միջեւ, եւ այս սուրբ վայրը աւելի մեծ ցաւով կը յայտնաբերէ այս ողբերգութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի ողջագուրումին, որ Սուրբ Հոգւոյն ազդեցութեան տակ, նոր սլացք տուաւ ու քայլեր յառաջացուց դէպի միութիւն։
Տակաւին այլ ճանապարհ ունինք կտրելիք, հասնելու համար հաղորդութեան լիութեան, ու մեր միջեւ տարբերութիւնները մեր ուղեւորութեան արգելք պէտք չեն հանդիսանալ։ ''Ամէն անգամ որ հին նախապաշարումները յաղթահարելով, քաջութիւնը կ՛ունենանք եղբայրական նոր կապեր զարգացնել, կը դաւանինք թէ` Քրիստոս իսկապէս Յարեաւ'' – Քրիստոս Անէսդի - , հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա մաղթանք յայտնեց վառ պահելու երկխօսութիւնը Քրիստոսի բոլոր եղբայրներուն միջեւ, մատնանշելով տառապանքի համամիութեան, երբ զանազան դաւանանքներու պատկանող Քրիստոնեաները իրար հետ միասին կը տառապին ու զիրար կը մխիթարեն։
Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Միջին Արեւելքը յատկանշող բռնութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն եւ յիշեց աշխարհի մէջ պատերազմներու, աղքատութեան եւ անօթութեան պատճառաւ տառապող այրերն ու կիները, ինչպէս նաեւ իրենց հաւատքին համար հալածուած բոլոր Քրիստոնեաները։
Ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղեով Բարթողոմէոս Պատրիարքին ու բոլոր ներկաներուն կոչ ուղղեց '' մէկդի դնելու անցեալէն ժառանգուած տատամսումները, ու Սիրոյ եւ Ճշմարտութեան Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան առջեւ բանալու սրտերը, որպէսզի միասին քալենք դէպի այն օրը ուր պիտի գտնենք հաղորդութեան լիութիւնը։ Այս ուղեւորութեան ընթացքին մեզի նեցուկ է աղօթքը զոր նոյնիքն Յիսուս, այս քաղաքին մէջ, իր չարչարաքնի, մահուան ու յարութեան նախօրեակին, իր աշակերներուն համար բարձրացուց առ Հայր ``Որպէսզի ամէնքը մի ըլլան....որպէսզի աշխարհը հաւատայ''։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց Աստուածամօր Հովանիին յանձնելով համամիութենական ուղեւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.