2014-05-25 11:58:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը։


Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի մօտ գտնուող ''Ագարակի հրապարակը'' որ շրջապատուած է Ֆրանչիսկեան, Յոյն եւ Հայկական վանքերէ, Կիրակի 25 մայիսի կէսօրին, յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Ֆրանիչսկոս Պապը արտասանեց կիրակի օրուայ աւանդական Մարեմեան աղօթքը.
Մտաբերելով Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ որ այդ վայրին մէջ ծնունդ տուաւ իր զաւակին Յիսուս Մանուկը ըսաւ` . ''Սուրբ Կոյս Մարիամը այդ անձն է որ բոլորէն աւելի Յիսուսի մարդկային դիմագիծի ընդմէջէն մասնակից եղաւ Աստուծոյ դիմագիծին։
Սրբազան Հայրը ապա Տիրամօր հովանիին յանձնեց բոլոր շրջանը եւ անոր մէջ ապրող բնակիչները որպէսզի կարենան ապրիլ արդարութեամբ, խաղաղութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ. Նմանապէս Տիրամօր յանձնեց բոլոր ուխտաւորները որ այս վայրը կը ժամանեն դիմելով հաւատքի ակնաղբիւրին։
''Ով Մարիամ հսկէ ընտանիքներուն, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն վրայ։ Հսկէ անոնց վրայ որ հաւատքն ու յոյսը կորսնցուցին, մխիթարէ հիւանդները, բանտարկեալները ու բոլոր տառապողները. Նեցուկ կանգնիր Հովիւներուն եւ հաւատացեալներու համայն հասարակութեան որպէսզի ըլլան այս օրհնեալ հողի ''լոյսն ու աղը'' – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկեց Նազարէթ քաղաքին յոյս յայտնելով այլ առիթով զայն այցելել։ Ան ապա Քալիլիոյ քաղաքին բնակիչներուն ուղղեց իր յատուկ ողջոյնը քաջալերելով հաւատացեալները Նազարէթի քաղաքին մէջ իրականացնել Ընտանիքի ի նպաստ միջազգային կեդրոն եւ Բեթղեհեմի համալսարանի զարգացումը։
Աստուածամօր հովանիին կը յանձնենք մարդկութեան ճակատագիրը որպէսզի աշխարհը ճանչնայ եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան նոր հորիզոններ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.