2014-05-24 11:47:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրը, Իտալիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իսրայելի նախագահներուն։


Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ, շաբաթ, 24 մայիսին, առաւօտեան ժամը 08,15, Հռոմի Ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն։ Դէպի Ամման թռիչքը՝ տեւեց 3 ժամ 45 վայրկեան, սաւառնելով Իտալիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Իսրայելի վրայէն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հեռագիր մը յղեց վերոյիշեալ իւրաքանչիւր երկրի նախագահին որուն մէջ յայտնեց թէ ''Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պօղոս Զ Քահանայապետի՝ Սուրբ Երկիր պատմական ճամբորդութենէ 50 տարի ետք, աղօթելու համար արդարութեան եւ խաղաղութեան համար եւ քաջալերելու միջկրօնային եւ համամիութեան երկխօսութիւնը''։ Նորին Սրբութիւնը հեռագիրին մէջ յայտնեց ապա սիրալիր ողջոյններ։

Իտալիոյ նախագահ` Ճորճօ Նափոլիթանոն իր կարգին պատգամ մը յղելով Սրբազան Հօր, վստահութիւնը յայտնենց թէ Ֆրանչիսկսո Պապի դէպի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը ՝ յոյսի պատգամի նախաշաւիղը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու են կայունութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու այդ հողերուն մէջ, որուն Իտալիան ալ կապուած է՝ պատմական եւ կրօնական կարեւոր հիմերով։







All the contents on this site are copyrighted ©.