2014-05-24 15:26:02

Զ. Կիրակի Յինանց
Յովհ. Թ. 39- Ժ. 10


Այսօրուայ Յովհաննու սուրբ աւետարանին մէջ, Յիսուս փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն ճշմարտութիւն մը կը հաստատէ ըսելով. «Ես եմ ոչխարհներուն դուռը»: Այսինքն` Ինքն է դէպի փրկութեան առաջնորդող դուռը: Ան միակ առաջնորդն է մարդկութեան. «Անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գողեր էին եւ աւազակներ» կ՛ըսէ Տէրը: Հետեւաբար, Յիսուսին վարդապետութիւնը մէկ է. չկան բազմաթիւ դռներ փրկութեան, եւ չկան բազմաթիւ ճանապարհներ անոր հասնելու: Ինքն է Ճանապարհը. Ինքն է Ճշմարտութիւնը եւ Ինքն է Կեանքը: « Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»: Հետեւաբար, այն անձը, որ կը փորձէ շրջանցել Քրիստոսին, եւ ուրիշ տեղերէն կը մագլցի` անիկայ գող է եւ աւազակ:
Պօղոս առաքեալ Կողոսացիներուն ուղղած թուղթին մէջ, իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ կարգ մը մարդոց մասին, որոնք սպրդած էին ժողովուրդին մէջ, եւ կը փորձեն իրենց սին վարդապետութեամբ զիրենք մոլոռեցնել. «Եթէ մենք, կամ երկինքէն եկած հրեշտակ մը քարոզէ ձեզի ուրիշ աւետարան մը քան ինչ որ մենք քարոզեցինք, նզովեալ ըլլայ: Կանխաւ ըսի եւ հիմա կը կրկնեմ. եթէ մէկը ձեզի աւետարանէ աւելի քան ինչ որ առիք` նզովեալ ըլլայ»:
Այսօր, մեր ընկերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին հարիւրաւոր կրօնական եւ ոչ կրօնական շարժումներ կամ աղանդներ, որոնք երկինք առաջնորդող հարիւրաւոր ճամբաներ ու դռներ ցոյց կու տան մարդոց: Շատեր կը ներկայանան որպէս «փրկիչներ» ու նախախնամական ազատարարներ մարդուն` իր անձուկ վիճակէն: Փրկութեան հասնելու համար հազարաւոր միջոցներ կը ներկայացնեն, զոր օրինակ` յաճախել այս ինչ կամ այն ինչ հոգեւոր ժողովարանը, թղթիկի մը վրայ գրել կու տան թէ մենք որոշած ենք մեր կեանքը Յիսուսի տալ, այն համոզումով որ մեր անունը երկնքի Կենաց Գրքին մէջ գրուած կ’ըլլայ, եւ զանազան այլ միջոցներ, որոնց ներգործութիւնը կը վերագրեն Սուրբ Հոգիին: Սակայն ասոնք բոլորը գող եւ աւազակ են, շահամոլ եւ շողոքորթ:
Անհրաժեշտութիւն կը թուի մեզի այսօր, որպէս Եկեղեցի եւ եկեղեցականներ զգուշացնել մեր ժողովուրդը չտարուելու այսպիսի հոսանքներէն, որոնք Քրիստոսի եւ Սուրբ հոգիի անունով կը մոլորեցնեն մեր երիտասարդները: Անոնք մոլորած են եւ ուրիշներ կը մոլորեցնեն: Անոնք կը ներկայանան որպէս Աստուծոյ կողմէ ներշնջուած անձեր եւ հասարակութիւններ հոգիները փրկելու, տխուր, յուսահատ եւ յուսախափ անձերուն հասնելու եւ զիրենք իսկական երջանկութեան առաջնորդելու: Սակայն մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի պատգամը յստակ է. Զգո՛յշ ըլլանք այսպիսի մարդոցմէ, որոնք գող եւ աւազակ են: Անոնք կու գան բարի հոգիները գողնալու, անոնց խիղճը սպաննելու, եւ անոնց մտքերը փճացնելու: Զգո՛յշ ուրեմն, քանզի մէկ է Քրիստոս, եւ անոր վարդապետութիւնը մէկ է: Ինքն է միակ դուռը հաւատացեալներուն անոնց հոգիները փրկելու, եւ ստոյգ մուտքը` երջանկութեան ու յաւիտենականութեան: ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.