2014-05-24 15:20:22

Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ Սուրբ Պատարագ եւ Առաջին Հաղորդութեան մատակարարում։


Շաբաթ, 24 Մայիսին, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնը որուն առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Յորդանանը եւ ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպելէ ետք Յորդանանի Թագաւորական ընտանիքի եւ պատկան իշխանութիւններուն հետ ուղղուեցաւ Ամմանի միջազգային մարզադաշտ ուր գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին 1400 մանուկներ առաջին հաղորդութիւնը ընդունեցան։
Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներն ու Հոգեւոր առաջնորդները։
Յայտնենք որ Ամմանի միջազգային մարզադաշտը կը գտնուի այն վայրին մօտ ուր Յիսուս Մկրտուեցաւ Սուրբ Յովհաննէսի ձեռամբ եւ ուր յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան վրայ։ Սուրբ Հոգին երեք յատկութիւն ունի` կը պատրաստէ, կ՛օծէ եւ կ՛ուղարկէ։ Մկրտութեան ընթացքին Հոգին իջաւ Յիսուսին վրայ, զայն պատրաստելու իր փրկարար առաքելութեան, որպէս խոնարհ ծառայ, որ պատրաստ է իր կեանքը տալու ուրիշներուն համար։
Սուրբ Հոգին նաեւ կ՛օծէ. Ան օծեց Յիսուսը, ու ապա Անոր աշակերտները, որպէսզի ունենային Յիսուսի նոյն զգացումները եւ գործելու խաղաղութեան եւ հաղորդութեան ի նպաստ։
Սուրբ Հոգին ապա կ՛ուղարկէ։ Յիսուս Ուղարկուածն է, լի Հօր Հոգիով։ Անոր միացած, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, մենք եւս ուղարկուած ենք որպէս պատգամաւորներ եւ խաղաղութեան վկաներ։
Խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է` զոր համբերութեամբ պէտք ենք փնտռել եւ կերտել մեր առօրեայ փոքր եւ մեծ գործունէութեամբ։ Խաղաղութեան ուղեւորութիւնը կ՛ամրապնդուի երբ ընդունինք թէ ամէնքս նոյն արիւնը ունինք եւ կը պատկանինք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին. Եւ երբ չենք մոռնար թէ ունինք մէկ երկնաւոր Հայր եւ թէ ամէնքս Անոր զաւակներն ենք, ստեղծուած Անոր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։
Սրբազան Հայրը ապա խօսքը ուղղեց առաջին հաղորդութիւնը ընդունող մանուկներուն եւ քարոզը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները։
Սուրբ Զոհի աւարտին Երուսաղէմի Լատիներու Պատրիարք գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սրբազան Հօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.