2014-05-23 09:28:28

Պօղոս Զ-ի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան աւետումը Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի ժողովական հայրերուն նստաշրջանի փակման առթիւ։


1964-ին Պօղոս Զ եղաւ առաջին քահանայապետը որ ուխտագնացութիւն կատարեց Սուրբ Երկիր, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աւարտին։
Ահա՛ Ժողովական Հայրերուն ուղղած` Պօղոս Զ-ի խօսքերը. «Մեր Տիրոջ` Յիսուսի երկրին մէջ ուխտաւորներ ըլլալու համոզումը այնքա՜ն վառ է մեր մէջ, որ Ժողովի այս ուրախալի փակման աւարտին հարկ է զօրացնել աղօթքներն ու աշխատանքները: Եթէ Աստուած մեզի օգնէ, կ’ուզենք յառաջիկայ Յունուար ամսոյն մեկնիլ Պաղեստին` անձամբ պատուելու Սուրբ Վայրերը, ուր Քրիստոս ծնաւ, մեծցաւ, մեռաւ, յարութիւն առաւ եւ Երկինք վերացաւ. Մեր փրկութեան առաջին Խորհուրդները` Մարդեղութիւնը եւ Փրկչագործութիւնը:
Պիտի տեսնենք այն օրհնեալ հողը` ուրտեղէն Պետրոս մեկնեցաւ եւ այլեւս չը վերադարձաւ, եւ ուր չվերադարձան ոչ իսկ իրեն յաջորդները:
Մենք խոնարհաբար, աղօթքի, ապաշխարանքի եւ վերանորոգումի հոգիով, կարճ ժամանակով մը պիտի վերադառնանք հոն` Քրիստոսի նուիրելու իր Եկեղեցին, դէպի անոր կանչելու բաժնուած եղբայրները եւ հայցելու աստուածային ողորմութիւնը ի նպաստ մարդոց հաշտութեան: Թո՛ղ Ամենասրբուհի Տիրամայրը առաջնորդէ մեր քայլերը եւ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները, ինչպէս նաեւ բոլոր սուրբերը Երկինքէն մեզի օգնեն »:








All the contents on this site are copyrighted ©.