2014-05-23 09:28:39

Նորին Սրբութեան ուխտագնացութիւնը Սուրբ Երկիր։Կարտինալ Փարոլինի զրոյցը Վատիկանի հեռուստակայանին հետ։


''Յիսուսի Գերեզմանին մէջ ՝ քրիստոնեայ համայնքապետերու միասնական հանդիպումը` համամիութեան հուրը պիտի վերանորոգէ'' յայտարարեց Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փարոլինը, հինգշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանեան ''CTV'' հեռուստատեսիլի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյզի մը ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Երկիր ճամբորդութեան նախօրեակին։
Նորին Սրբութեան Ճամբորդութիւնը Սուրբ Երկիր, ուրախութիւն եւ անդորրութիւն պիտի սփռէ, Սուրբ Երկրի մէջ բնակող բոլոր Քրիստոնեաներուն, յատուկօրէն նպաստելով երկխօսութեան ու խաղաղութեան, երկրի մը մէջ ուր՝ տարիներ շարունակ, խռովութիւն կը տիրէ – յայտնեց Վատիկանի Պետքարտուղարը, ներկայացնելով Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան յայտագիրը, յատուկօրէն կեդրոնանալով Ճամբորդութեան կէտնպատակին վրայ, որ է վերակոչել եւ տօնախմբել, 50 տարի առաջ, Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորա Տիեզերական Պատրիարքին միջեւ երուսաղեմի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը։
Կարտինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ Սուրբ Երկրի մէջ, միջկրօնային յարաբերութիւններուն եւ համամիութենական երկխօսութեան,
ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու դերակատարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ անոնց աշխատանքի մասին, հաստատելով թէ ''Քրիստոնեաները, թանգարանի մէջ զետեղուած արձաններ չեն, այլ՝ Յարուցեալ Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.