2014-05-22 09:37:14

Սուրիացի քրիստոնեայ պատասխանատուները արեւմտեան մամուլէն կը խնդրեն աւելի իրապաշտ լուրեր հաղորդել։


Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու պետերը միաձայն կը հրաւիրեն Արեւմուտքի մամուլը աւելի առարկայականօրէն նկարագրել Սուրիոյ պատերազմը եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներէն ուղղած կոչով աւելի զօրակցութիւն ցոյց տան հանդէպ Սուրիոյ ժողովուրդին։ Սուրիոյ քրիստոնեաներն ու մահմետակաները ողբերգականօրէն կը տառապին ներկայ պատերազմէն, հրահանգուած օտարներէն` զէնքով թէ մարդոցմով։ Յոյն կաթողիկէ գերապայծառ Անդիպա Զուիցերիոյ մէջ տուած դասախօսութեան մը ընթացքին կոչ ուղղեց որպէսզի հզօր պետութիւնները, որոնք բացայայտօրէն կ'աջակցին ընդդիմադիր խումբերուն, որպէսզի դադրեցնեն զէնքերու բաշխումը ու վերջ տան մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.