Ռուսիա Չինաստանի հետ կազի շուրջ համաձայնութիւն մը կնքած է
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնն ու Չինաստանի քարիւղի եւ կազի
«Սի.Էն.Փի.Սի.» ընկերութիւնը Չինաստան ռուսական կազի մատակարարման մասին համաձայնութիւն
ստորագրած են: Խօսքը տարեկան մինչեւ 38 միլիառ խորանարդ մեթր կազի մատակարարման վերաբերեալ
համաձայնութեան մասին է: Համաձայնութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ
Չինաստանի ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Սի Ձինփինի ներկայութեամբ: Երեսուն տարուան
ժամկէտով համաձայնագիրին ընդհանուր արժէքը 400 միլիառ տոլար է: