2014-05-22 09:42:41

Բեթանիան կը սպասէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը։


“Համամիութենական այցելութիւն մը Յիսուսի մկրտութեան վայրը”։

''Յիսուս Անդրյորդանէն անցաւ դէպի Բեթանիայ, Յովհաննէսի մօտ երթալու, անկէ մկրտուելու համար''։

Բեթանիան եղած է Սուրբ Յովհաննէս մկրտիչի գործունէութեան վայրը ուր Ան Յիսուսը մկրտեց Յորդանան գետի ջուրերուն մէջ։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այդ վայրը ընտրեց հանդիպում ունենալու աղքատներուն եւ փախստականներուն հետ, 24 մայիս 2014-ին, Յորդանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին։

Երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետէն ետք, ֆրանչիսկոս Պապի այցը Բեթանիա նոր սլացք մը պիտի տայ համամիութենական ուխտագնացութեան։

Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքութիւնը այդ վայրին մէջ կը կառուցէ նոր շինարարութիւն մը, ուր արդէն ութը եկեղեցիներ գոյութիւն ունին, շնորհիւ Յորդանանի Թագաւորին հողերու նուիրատուութեան։

Նոր շինարարութեան անկիւնաքարի օրհնութիւնը տեղի ունեցած էր 10 մայիս 2009-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի ձեռքով, անոր Յորդանան կատարած հովուական ուխտագնացութեան առթիւ։ Հակառակ որ կառոյցի շինարարութիւնը տակաւին չէ աւարտած, այդ վայրին մէջ Սրբազան Հայրը պիտի ընդունի 600 սուրիացի եւ իրաքցի փախստականներ եւ անկարներ։ Հանդիպումի ընթացքին պիտի կատարուին հոգեւոր երգեր, ընթերցումներ եւ աղօթքներ։ Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ ներկաներուն պիտի ուղղէ ճառ մը մինչ Լատիներու Երուսաղէմի Պատրիարքը Սրբազան Քահանայապետին պիտի ուղղէ բարի գալուստի եւ երախտագիտութեան խօսք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.