2014-05-22 10:43:27

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


RealAudioMP3 Ընտանիքի նկարագիրը եւ իրեն առաջնակարգ դերը եւ ընկերհասարակական տեսանկիւնէն դիտուած, սերնդագործութիւնն է եւ կամ հասարակութիւնը բազմացնելու պարտականու թիւնն է։ Այս պատճառով ընկերութիւնն ու ընտանիքը մնայուն եւ սերտ յարաբերութեան մէջ են եւ դարերու ընթացքին փոփոխութիւններու ենթարկուած կը հետեւին մշակոյթի եւ ընկերային պահանջներուն համաձայն։
Ընտանիքը ընկերութեան մէջ, իշխող տարրն է, որը բաձարցակ ձայն ունեցողն է էական որոշումներուն եւ կենցաղային եւ իրաւաբանական պահանջներուն իրականացման մէջ։ Այս ամբողջ արաւելութիւնները կը գործեն ի շահ զաւակներու ապագայի ապահովութեան համար։
Ընտանիքը, ըստ ընկերաբաններու գիտական վերջին ուսումնասիրութիւններուն, զոյգը՝ ամուսինները, կը վայելեն յատուկ ընկերային յարաբերութիւն զաւակներուն հետ։ Անոնք, կարեւոր դեր ունին ընկերութեան մէջ եւ հանրութեան դիմաց մեծ արժէք։ Վերոյիշեալ եւ շատ ուրիշ տուեալներու վրայ հիմնուած, ընտանիքը կարողացած է դիմադրել դարերու ընթացքին վատագոյն ուժերու դէմ եւ զանոնք յաղթահարելով մնալ հաստատ իր էական բնաբաններուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.