2014-05-22 10:21:39

400 Րաբունապետերու եւ հրէական անձնաւորութիւններու բարի գալուստի ողջոյնի միասնական պատգամը՝ ի պատիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


Աւելի քան չորս հարիւր Րաբունապետեր եւ Ամերիկիոյ Հրեայ հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, բարի գալուստի պատգամ մը գրած եւ ստորագրած են ի պատիւ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Իսրայէլ այցելութեան առթիւ։
Սոյն պատգամը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ 25 մայիսին. Իսրայէլեան Հա-արէթծ օրաթերթին մէջ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը կազմակերպած է՝ Նիւ Եորքի միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Անճէլիքա Պէրրի, ընկերակցութեամբ՝ Րաբունապետ Ժաք Պէմբորատի, տնօրէնը՝ ՅՊԲ միջկրօնային երկխօսութեան կեդրոնին, որ կը գտնուի Հռոմի Քահանայապետական Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի համալսարանին մէջ։
Րաբունապետ Պէմբորատի վկայութեամբ, վերոյիշեալ պատգամը՝ ստորագրուած եւ
վաւերացուած է բոլոր րաբունապետերու կողմէ։ Ան յայտնած է, թէ . երկխօսութիւնը էական է վաւերաբեր հասկացողութեան եւ փոխադարձ գնահատումին, աւելցնելով թէ. ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յստակ կերպով յայտնած է, թէ բոլոր կրօներու միջեւ կ'ուզէ կամուրջներ կառուցել, խաղաղութիւնը՝ փոխադրելու աշխարհին''։







All the contents on this site are copyrighted ©.