2014-05-21 11:47:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Պոզնիայի եւ Զինաստանի ի նպաստ։


Չորեքշաբթի, 21 մայիսին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակէն, կոչ ուղղեց Պոզնիայի եւ Զինաստանի ի նպաստ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը, հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու ,
Պոզնիոյ, Սերպիոյ եւ Էրզէկովինայի ժողովուրդներուն համար որ վերջերս, թիրախ դարձան ջրհեղեղի, որ բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ պատճառեց, տեղահանութեան մատնելով շատ մը ընտանիքներ։
Սրբազան Հայրը, իր կոչին մէջ յայտնեց, թէ կացութիւնը վատթարացած է եւ հրաւէր ուղղեց որ '' չպակսի մեր եղբայրներուն հանդէպ աջակցութիւնը, եւ միջազգային հասարակութեան՝ գործնական զօրակցութիւնը''։

Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով ապա յառաջիկայ 24 մայիսին, Սուրբ Կոյս Մարիամ` Օգնական Քրիստոնէից ծիսական յիշատակութեան, որ Շանկայի Շէշան Սրբավայրին մէջ մեծ ջերմեռանդութեամբ կը մեծարուի, բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց, որ աղօթեն, որպէսզի Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալները, Տիրամօր հովանիին տակ՝ շարունակեն հաւատալ, յուսալ եւ սիրել, եւ ըլլալ քաղաքացիներու միջեւ ներդաշնակ համակեցութեան օրինակ։

Միշտ յառաջիկայ շաբաթ օր – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը - Ֆրանսայի Ավէրսա Քաղաքին մէջ, Պիրամնիոյ մէջ 1950-ին նահատակուած` Հայր Մարիօ Վէրկարա եւ Եղբայր Իզիտորօ Նճէի Քօ Լաթ, Աստուծոյ ծառաները երանելի կը հռչակուին։ Անոնց մարտիրոսական հաւատարմութիւնը՝ հանդէպ Քրիստոսին ըլլայ օրինակ եւ քաջալերանք միսիոնարներուն համար, եւ յատուկօրէն կրօնուսոյցներուն, որոնք առաքելավայրերուն մէջ կը մատուցեն թանկարժէք եւ անփոխարինելի ծառայութիւն մը, որուն համար համայն Եկեղեցին իրենց երախտապարտ է։







All the contents on this site are copyrighted ©.