2014-05-21 10:19:16

Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կը վերակոչէ 1964-ի պատմական ուսահամբոյրը Պօղոս Զ-ի եւ Աթենակորասի միջեւ։


Կարտինալ Քոխ` Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, վերակոչելով` Երուսաղէմի մէջ, յունուար 1964-ին, 50 տարի առաջ պատահած պատմական ուսահամբոյրը Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական յոյն օրթոտոքս պատրիարք Աթենակորասի միջեւ, կը յայտնէ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը պատրաստուի ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Ս. Երկիր, վերակոչելու երկու մեծ հայրապետներու պատմական հանդիպումը` Երուսաղէմի ձիթենեաց լերան ստորոտը։
Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ 525 տարիներու յարաբերութիւններու խզումէն ետք։ Երկու քոյր եկեղեցիները կաթողիկէ թէ օրթոտոքս, աւելի քան 9 դարերու բաժանումէն ետք դարձեալ իրարու կը հանդիպին Երուսաղէմ` օրրանը քրիստոնէութեան, ուր սկիզբ առաւ Աստուծոյ Եկեղեցին։ Երուսաղէմ քաղաքը կը միացնէ քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, անիկա արմատն է բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն, յայտնած է Կարտինալ Քոխ։








All the contents on this site are copyrighted ©.