2014-05-21 10:16:10

58 երկիրներ ՄԱԿ-ին կոչ կ՛ուղղեն Սուրիոյ հարցը փոխանցելու միջազգային քրէական դատարանին


«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ 58 երկիրներ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած են սատարելու բանաձեւի այն նախագիծին, որուն միջոցով կը նախատեսուի Սուրիոյ գործը ներկայացնել Միջազգային քրէական դատարանին եւ նպաստել ատոր որդեգրման ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:
Ըստ նշեալ բանաձեւին, միջազգային դատարանը պէտք է հետաքննութեան ենթարկէ մեղադրանքները այն լուրջ յանցագործութիւններուն շուրջ, զորս կատարած են Սուրիոյ կառավարական զօրքերը, կառավարամէտ խմբաւորումները, ինչպէս նաեւ` զինեալ ընդդիմադիրները:
Բանաձեւի հեղինակներուն նպատակն է յստակ ազդանշան ուղարկել, որ ամէնէն լուրջ յանցագործութիւնները, միջազգային իրաւունքին համաձայն, չեն կրնար անպատիժ մնալ:
Ըստ այդ փաստաթուղթին, Սուրիոյ իշխանութիւնները պատասխանատու են զանգուածային սպանդի 8, իսկ ընդդիմադիրները` մէկ դէպքի համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ «Մոսկուա սուրիական թղթածրարին Միջազգային քրէական դատարանին փոխանցելուն դէմ պիտի օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.