2014-05-20 12:19:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան յայտագիրը։


Անցեալ 27 մարտին, Սուրբ Աթոռի գրասենեակը հրատարկած էր` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, յառջաիկայ 24 – 26 մայիս, Սուրբ Երկիր կատարելիք առաքելական ուխտագնացութեան յայտագիրը` Պօղոս Զ. եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50րդ տարեդարձին առթիւ։

Վերոյիշեալ ճամբորդութիւնը կը հադիսանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կատարած միջազգային երկրորդ ճամբորդութիւնը։ Առաջինը տեղի ունեցած էր անցեալ տարի` 2013-ի Յուլիսին, դէպի Պրազիլ` Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ իսկ երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ Օգոստոսին` Քորէա։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորրորդ Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Սուրբ Երկիրը։ Ուխտագնացութեան գլխաւոր կէտնպատակն, ինչպէս ըսինք, վերյիշել Պօղոս Զ. երջանկայիշատակ քահանայապետի եւ Աթենակորաս տիեզերական Պատրիարքի միջեւ կայացած պատմական հանդիպումը։ Նորին Սրբութիւնը երեք օրուայ ընթացքին պիտի այցելէ երեք Պետութիւններ` Յորդանանը, Պաղեստինը եւ Իսրայէլը ու հանդիպում պիտի ունենայ երեք Պետութիւններու պատկան իշխանութիւններուն հետ։ Ուխտագնացութեան կեդրոնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 26 մայիսին երբ Սուրբ Թաղման մատրան մէջ, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, զանազան քրիստոնեայ դաւանանքներու Հովուապետերը միասնաբար պիտի համախմբուին, համամիութեամբ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած։

Ֆրանչիսկոս Պապը, Շաբաթ 24 մայիսին, Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն կը մեկնի ժամը 8,15-ին, եւ Ամմանի ''Քուին Ալիա'' օդակայան կը ժամանէ տեղական ժամով` ժամը 13-ին։ 13,45-ին Ամմանի Արքայական պալատին մէջ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, ի ներկայութեան Յորդանանի Թագաւորին եւ Թագուհիին։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Յորդանանի Թագաւորութեան իշխանութիւններուն հետ, անոնց ուղղելով ճառ մը, ապա յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ Սրբազան Հայրը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին 1400 մանուկներ առաջին հաղորդութիւնը պիտի ընդունին, իսկ երեկոյեան Ան կ՛այցելէ Ամմանի մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականները։

Կիրակի 25 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ Ամմանէն եւ ինքնթիռով կ՛ուղղուի Բեթղեհէմ ուր կը ժամանէ 9,20 անց ու ապա կ՛ուղղուի նախագահական պալատ` ուր տեղի կ՛ունենայ` բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի Պաղեստինի նախագահին ու Պաղեստինեան իշխանութիւններուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։ Ժամը 11-ին Բեթղեհէմի Քարայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ սուրբ պատարագ ու ապա Մարեմեան կիրակնօրեայ աղօթքը։ Պաղեստինցի ընտանիքներուն հետ բաժնեկցելէ ետք սիրոյ ճաշը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Բեթղեհէմ Քարայրը ու ապա կը հանդիպի պաղեստինեան փախստականներու ճամբարներու մանուկներուն որուն աւարտին Սրբազան Հայրը միշտ ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Թէլ Ավիւ ուր կը ժամանէ 16,30ին եւ ուր տեղի կ՛ունենայ երրորդ բարի գալուստի արարողութիւնը։

Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով կ՛ուղղուի Երուսաղէմ ուր երեկոյեան ժամը 18,15-ին առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հետ եւ ուր նախատեսուած է միացեալ յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը։
Ժամը 7-ին, Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի կ՛ունենայ համամիութենական հանդիպում, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ճառ մը կ՛արտասանէ։
Ճամբորդութեան վերջին օրը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ Երուսաղէմի Մուֆդիին հետ, ապա կ՛այցելէ Երուսաղէմի ''սուգի պատը'', Եատ Վաշեմի յուշարձանը, Իսրայելի երկու Ռաբունապետերը եւ Իսրայելի նախագահն ու վարչապետը։
Յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը առանձական հանդիպում կ՛ունենայ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հետ ու ապա կը հանդիպի Երուսաղէմի կղերական դասին։
Ժամը 17,20-ին, Ան կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ Սուրբ Երկրի Առաջնորդներուն։ Երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ սուրբ Երկրէն եւ Թել Ավիւի օդակայանէն մեկնելով կ՛ուղղուի Հռոմ ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 11-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.