2014-05-20 09:51:38

Մարիամ աղօթքի տիպար


RealAudioMP3 Մայիս ամիսը տարուան ամէնագեղեցիկ ամիսն է եւ միշտ նուիրուած Սուրբ Կոյսին՝ մեր Փրկչին Մօրը, որ մեզի համար աղօթքի տիպար է եւ փրկութեան ճանապարհ:
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայա-պետը՝ 14 Մարտ 2012-ին հազարաւոր ուխտաւորներուն ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սուրբ Կոյսին մասին խօսելով յայտարարեց թէ Աստուածամայրը մեծարել կը նշանակէ իրմէ սորվիլ ըլլալու աղօթող ընկերութիւն մը: Այս դիմագիծը քրիստոնեան առաջին հասարակութիւններուն կարե-ւորագոյն դիմագիծներէն մէկն է որ կը նկա-րագրուի Գորղք Առաքելոցին մէջ:
Ղուկասի Աւետարանը Կոյս Մարիամը կը ներկայացնէ որպէս «Մայր Յիսուսի». «Հայրդ եւ ես մտահոգ քեզ կը փնտռէինք» (Ղուկ 24, 8): Քրիստոտի Մայր ըլլալը պարզ պատուոյ տիտղոս մը չէ, այլ ճշմարտութիւն մըն է, փաստ մը որ Բանը Մարդ եղաւ:
Քրիստսս մեզի նման մարդու կեանք ապրեցաւ. Ան ուրեմն պէտք ունէր մօր մը՝ ամբողջացնելու համար Փրկութեան ծրագիրը, այսինքն կեանք մը սկսած եւ աւարտած ընտանիքի մը մէջ լի հաւատքով, որ Երուսաղէմ ուխտի կ'երթայ ուրիշներու նման եւ ուրիշներու հետ:
Կը փափաքիմ մէջբերել Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին խօսքը, որ, 1964-ին Երու-սաղէմ ուխտագնացութեան ընթացքին, գե-ղեցիկ մտածական մը կատարեց Նազարէթի Կոյսին կեանքին մասին ըսելով. «Կոյս Մարիամէն կը սորվինք ընտանեկան կեանքի դասը, նախնական հաղորդութիւն մը ընկերային գետնի վրայ, գործի դաս մը եւ ազնուակամ գործի խղճմտանքը»:
Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը Սուրբ Կոձսին մասին կը խօսի որպէս «Աստուա-ծամայր»: Արտասովոր կը թուի կնոջ մը մասին ըսել թէ ան Աստուծոյ Մայրն է: Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած աշխարհին յայտ-նըւեցաւ, որովհետեւ Ան իր Միածին Որդին ղրկեց՝ որպէսզի մարդոց հետ ապրի: Մարիամ ծնունդ տուաւ Քրիստոսի մեր աշխխրհին մէջ՝ խոնարհութեամբ ընդունելով Տիրոջ կամքը:
Չենք կրնար Մարիամի դերը մոռնալ Եկեղեցւոյ մէջ որովհետեւ Յիսուս իր Մօրը յանձնեց Եկեղեցին: Ինչ որ Մարիամ ապրեցաւ երբ ան ընդունեցաւ Աստուծոյ մարդեղութիւնը, ահա որ Խաչը նորէն կը խնդրէ իրմէ վերապրելու՝ Առաքեալներուն եւ համայն Եկեղեցւոյ հետ: Ան Առաքեալներուն կը սորվեցնէ ընդունելու եւ հասկնալու խոր-հուրդը: Մարիամ այս քայլը անձուձ նորածին Եկեղեցիին հետ, եւ ձեւով մը զինք ծնելով է որ պիտի դառնայ Քրիստոսի մարմինը մարդկութեան մէջ: Սուրբ Կոյսին նայելով, կը հասնինք զինք ճանչնալու որպէս ան, որ իր մարդկութեամբ մեզի կը ցուցնէ ճշմարիտ փորձառութիւնը որով Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը յայտնուի որպէս ներկայ, ողջ եւ գործօն այս աշխարհին մէջ:
Աստուած Մարիամը ընտրեց աշխարհի ստեղծումէն առաջ՝ իրականացնելու համար իր Փրկչագործական ծրագիրը: Հայրը զինք անուանեց իր դուստրը, Որդին ընդունեցաւ որպէս իր Մայրը: Ասոր համար Մարիամ սկիզբէն ի վեր օրհնեալ է, որովհետեւ միակ անձն է որ սկզբնական մեղքէն եւ մարդոց մեղքերէն անեղծ մնաց: Իրմով է որ Քրիստոս ամխարհ եկաւ եւ չարչարուեցաւ՝ մեզ փրկելու համար մեր մեղքերէն:
Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կը սորվեցնէ աղօթքին կարեւորութիւնը, եւ մեզի կը ցուցնէ թէ միայն անյեղ, հաստատ եւ սիրով լեցուն կակով մը Յիսուսի հետ մենք կարելիութիւնը ունինք մեր ըսասիրութենէն ելլելու եւ արիաբար երթալու աշխարհի ամէնուրէք՝ հռչակելու համար Տէր Յիսուսը՝ որպէս աշխարհի Փրկիչը:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.