2014-05-19 09:36:12

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցիին մէջ Պատարագ մատուցուած է ի յիշատակ Սոմայի ածուխի հանքին մէջ զոհուածներուն։


Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Սոմայի ածուխի հանքին մէջ դժբախտ պատահարին հետեւանքով՝ բոլոր զոհուածներու, վիրաւորներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ Մայիս 18-ին պատարագ մատուցուած է Պոլսոյ Գումգափու թաղամասի հայկական եկեղեցիին մէջ:
Պատարագի ընթացքին զոհուած հանքափորներու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնուած է, հնչած են աղօթքներ ինչպէս զոհուածերու, այնպէս ալ փրկուածներու համար:
“Այսօր մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ աղօթքներ կը հնչեն մեր հանքափոր եղբայրներուն համար: Զոհուածներուն համար Աստուծմէ խաղաղութիւն, իսկ վիրաւորներուն համար շուտափոյթ ապաքինում կը խնդրենք”,- նշած է պատարագիչ Հայր Անդրէասը:
Յիշեցնենք, որ Սոմայի ածխահանքի արկածը, որ կը հանդիսանայ ամենախոշորը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ, տեղի ունեցած էր Մայիս 13-ի գիշերը: Զոհերուն թիւը հասած էր 301-ի







All the contents on this site are copyrighted ©.