2014-05-19 08:59:19

Մեսրոպ Հայունիի Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ինչո՞ւ ողջ մարդը կը փնտռէք մեռելներու Մէջ…»


Սիրելի՛ ընթերցող, անկասկած լսեցիր մեզի պատահած ողբերգութիւնը: Մայիս 1-ին Այնճարի գետին մէջ ջրամոյն եղաւ «Աղաճանեան սանուց տուն»-ին աշակերտներէն մին` 14 տարեկան Խաչիկ Ս. Կարապետեան, որուն իննօրեայ հոգեհանգստեան Ս. պատարագն այսօր կատարեցինք «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» մեր եկեղեցիին մէջ:
Երրորդ աւետարանիչէն` Ս. Ղուկասէն ընտրած աւետարանի հատուածին վերտառութիւնն է «Յիսուս մանուկին կորուստը» (Ղկ. 2,41-52): Կը խնդրեմ, որ դուն կարդաս այս ենթագլուխը, որուն ուսուցումին կէտերը բազմազան են: Մեր այս աղէտալի պատահարէն շանթահարուած` խօսած քարոզէս կը քաղեմ քանի մը դասեր բոլորիս համար:
Առաջին դասն է: «Ծնողքը չէին անդրադարձած»: Յովսէփէն եւ Մարիամէն աւելի Յիսուսը սիրող ու Յիսուսին խանդաղատող մէկը չկայ: Սակայն մարդ են, ուստի, Նազարէթ վերադարձին անոնք չանդրադարձան, որ «Յիսուս մանուկը մնաց Երուսաղէմ»:
Ամէն մարզի մէջ եւ ամէն մակարդակի վրայ պատասխանատուները միշտ աւելի կրնան ըլլալ ու մնալ յանձնառու եւ ուշադիր: Ծնողներ, դաստիարակներ, դասատուներ, տեսուչներ ու հսկիչներ դեռ աւելի եւ միշտ գիտակցելու են իրենց պաշտօնին ու պատասխանատուութեան:
Երկրորդ դասն է: «Սկսան փնտռել տասներկու տարեկանը»: Անտարակոյս, որ պատասխանատուները միայն բարիքը կ*ուզեն իրենց յանձնուած հոգիներուն, բայց մարդ ըլլալով` սխալական ու տկար են: Հետեւաբար միշտ պիտի ձգտին եւ պիտի աղօթեն լաւագոյնս կատարելու համար իրենց պաշտօնը:
Իրենց հոգեմտաւոր գիտակցութիւնն ու գործօն պարտաճանաչութիւնը օծելու են մեր Աստուածային Վարդապետին այս ազդարարութեամբ. «Զգուշացէ՛ք եւ մի՛ արհամարհէք մէկը այս փոքրիկներէն, որոնց հրեշտակները երկինքին մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հօրս դէմքը» (Մտթ. 18,10):
Երրորդ դասն է: «Անոնք չգտան Յիսուսը»: Զգո՜ւշ: Դժբախտաբար այսպիսի նոյն ու նմանատիպ դէպքեր պատահած են: Թորինօ, Սալեզեան միաբանութեան հիմնադիրը` Ս. Յովհաննէս Պոսքօ (1815-1888), կորսնցուց իր սիրասուն ու սրբակեաց սանը` Տոմինիկոս Սաւիոն (15 տ.): Վիեննա, 1919-ին, Մխիթարեան միաբանութիւնը ապրեցաւ ողբերգութիւնը, երբ իր երիտասարդ ուխտեալներէն մէկը ջրահեղձ եղաւ Դանուբ գետին մէջ: Վիեննա, 1974-ի Մայիսին, ճիշդ քառասուն տարիներ առաջ, այս օրերուն, սիւնակագիրս իբրեւ փոխտնօրէն դպրեվանքին` կղերացու ժառանգաւորներէն երեք պատանի աշակերտներ աչքիս առջեւ միատեն պիտի կորսնցնէի անոնց մարզասրահի լողաւազանին խորութեան մէջ…
Եզրայանգումը յստակ է: Պատասխանատուները որքան ճիգ թափեն, այնքան քիչ է: Ուրեմն անոնք գիտակցելու են իրենց անբաւարարութեան: Երբ այս գիտակցութիւնն ունին, դեռ աւելի յանձնառու եւ բծախնդիր կ՛ըլլան ու կը մնան:
Պատասխանատուները որքան ջանք ընեն, այնքան սակաւ է: Ուրեմն «յերկնուստ» խնդրելու են լոյս եւ շնորհք` իրենց յիշողութեան ու գործունէութեան մէջ արձանագրուած պահելով Յիսուսի` պատմութեան մեծագոյն Դաստիարակին սա սահմանումը.
«Ձեր երկնաւոր Հայրը չ՛ուզեր, որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի» (Մտթ. 18,14):
Չորրորդ դասն է: «Կը զարմանային… Զարմացան…»: Զարմանքի մատնուած առաջիններն էին «Տաճարին վարդապետները, որոնք կը լսէին եւ կը զարմանային Յիսուսի իմաստութեան եւ պատասխաններուն վրայ»:
Ծնողները, դաստիարակները, դասատուները, տեսուչներն ու հսկիչները գիտե՞ն «զարմանալ» իրենց յանձնուած անչափահասներուն «իմաստութեան եւ պատասխաններուն վրայ»: Անոնցմէ գիտակիցները կը պատասխանեն անվարան`«Ո՛չ»:
Զարմանահար երկրորդներն էին Յիսուսի «ծնողքը», Յովսէփ եւ Մարիամ, որոնք «տաճարին մէջ նստած վարդապետներու հետ երբ տեսան զինք, զարմացան…»:
Ծնողները, դաստիարակները, դասատուները, տեսուչներն ու հսկիչները կ՛անդրադառնա՞ն իրենց զաւակներուն, սաներուն եւ աշակերտներուն «ի վերուստ» շնորհուած կարողութիւններուն… Անոնցմէ խղճամիտները կը յարեն` «Ընդհանրապէս` ո՛չ»:
Եւ սակայն, մենք, մտահոգ ըլլալու չափ, կը զարմանայինք Խաչիկին վրայ, որմէ կարելի էր սորվիլ լռութիւնը, լռասիրութիւնը, ինքնամփոփումը: Բարեմասնութիւննե՜ր, որոնց բացակայութենէն կը տուայտին մարդերը` անոնք ըլլան անձեր, ընտանիքներ, միութիւններ, հասարակութիւններ եւ աշխարհներ…
Հինգերորդ դասն է: «…Անձկութեամբ կը փնտռէինք քեզ»: Մենք ալ` պատասխանատուներս ու ծնողքը, «անձկութեամբ» ու սրտաբեկութեամբ լեցուն` փնտռեցինք մեր ջրասոյզ սանը: Անձկութենէն ու սրտաբեկութենէն առաջ, սակայն, նախընթանալու էին դեռ աւելի զգուշաւորութիւնն ու վճռակամութիւնը, ինչպէս ալ անձկութեան ու սրտաբեկութեան յաջորդելու են դեռ աւելի ինքնաքննումն ու զգօնութիւնը…:
Վեցերորդ դասն է: «Ինչո՞ւ կը փնտռէինք զիս»: Նոյն գանգատով այսօր բոլորիս կը հարցնէ մեր Խաչիկը, որ, իր զատկական խոստովանանքէն ետք, մեր Տիրոջ Մարմինէն եւ Արիւնէն հաղորդուեցաւ իր մահէն ճիշդ մէկ օր առաջ. «Ինչո՞ւ կը փնտռէք զիս… Չէ՞ք գիտեր, որ երկնաւոր Հօրս տունին մէջ եմ»:
Այո՛, ես կը հաւատամ, որ մեր սիրելի տղան «հանգեաւ ի Տէր» եւ արժանացաւ իրեն համար պատրաստուած օթեւանին (Յվհ. 14,2), քանի այս ընկալումիս մէջ կը մտաբերեմ Յիսուսի ուրախացուցիչ հրամայականը.«Թողուցէ՛ք մանուկները, մի՛ արգիլէք, որ Ինծի գան, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը անոնց նմաններուն է» (Մտթ. 19,14):
Եօթներորդ դասն է: «Յիսուս հնազանդ էր անոնց»: Արդ, խօսքս կ՛ուղղեմ անչափահասներուն, պատանիներուն, պարմաններուն եւ պարմանուհիներուն. «Հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն, դաստիարակներուն, դասատուներուն, տեսուչներուն եւ հսկիչներուն, որպէս զի արժանի ըլլաք նմանելու Յիսուսին, որուն մասին ճիշդ վկայուեցաւ, թէ ան կը զարգանար իմաստութեամբ, հասակով ու շնորհքով` Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ»:
Զգո՜ւշ: Զատկական շրջանին մէջ ենք, որուն սկիզբը նոյն հարցումը կ՛ուղղուի բոլորիս.«Ինչո՞ւ ողջ մարդը կը փնտռէք մեռելներու մէջ. հոս չէ, յարութիւն առաւ» (Ղկ. 24,9):
Այո՛, թէպէտ Խաչիկ «հոս չէ» այլեւս, բայց եւ այնպէս միշտ մեզի հետ է, որովհետեւ յարութիւն առաւ խաչեալ Տիրոջ հետ, ալէլուիա՜:
Այնճար, 11 մայիս 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.