2014-05-19 09:01:18

Զուիցերիացիներվը մերժեցին որդեգրել աշխարհի ամէնէն բարձր նուազագոյն աշխատավարձը։


Զուիցերիացի քուէարկողները երէկ հանրաքուէի մը ընթացքին մերժեցին աշխարհի ամէնէն բարձր նուազագոյն աշխատավարձը որդեգրելու առաջարկ մը, ըստ որուն, գործատէրերը պիտի ստիպուին աշխատաւորներուն ժամական առնուազն 22 զուիցերիական ֆրանք(25 տոլար) վճարել:
Առաջարկին կողմնակիցները յայտնեցին, որ այդ գումարը պատշաճ կեանքի ապահովման համար կարեւոր է, սակայն քննադատներ առարկեցին, որ ատոր որդեգրումը արտադրածախսերը պիտի բարձրացնէ եւ գործազրկութեան համեմատութեան մագլցում յառաջացնէ: Առաջարկին կողմնակիցները նաեւ կը պնդէին, որ առաջարկը «արդար վարձատրութիւնը պիտի պաշտպանէ», սակայն Զուիցերիոյ գործառնութեան դաշնակցութիւնը յայտնեց, որ ատիկա մասնաւորաբար ցած աշխատավարձ ստացողներուն վնաս պիտի պատճառէ:
Ըստ գրեթէ վերջնական արդիւնքներու, քուէարկողներուն 77 առ հարիւրը մերժած է նուազագոյն ամսականի առաջարկը:
Հանրաքուէի ընթացքին քուէարկողները նաեւ արտայայտուեցան այլ հարցերու մասին, ինչպէս` Զուիցերիոյ օդուժին համար շուէտական 22 «Կրիփըն» տիպի կործանիչներ գնելու շուրջ: Ըստ նախնական տուեալներու, քուէարկողներուն 54 առ հարիւրը մերժած է այս առաջարկը:
Վերջին արդիւնքները նաեւ ցոյց տուին, որ քուէարկողներուն երկու երրորդը թեր արտայայտուած է մանկապիղծերուն մանուկներու հետ գործ ունենալը ցկեանս արգիլելու գաղափարին:
Սակայն հանրաքուէի գլխաւոր եւ հրատապ նիւթը աշխատաւորական համադաշնակցութեանց աջակցութիւնը վայելող առաջարկն էր, ըստ որուն, քաղաքացիներուն նուազագոյն տարեկան աշխատավարձը 53,600 տոլարէն պակաս պէտք չէ ըլլայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.