2014-05-19 10:59:24

ԵԱՀԿ առաքելութիւնը սահմանի վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ նախապէս կայացուցած համաձայնութեամբ` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Մայիս 19-ին լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Մարտակերտ-Թարթառ ճանապարհահատուածին` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ:
Դիտարկումը իրականացած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասպշիկի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւկենի Շարովը (Ուքրանիա) եւ Խրիսթօ Խրիսթովը (Պուլկարիա):
Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլեն (Չեխիա) եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փետեր Սուետպըրկը:
Դիտարկման ժամանակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը անցած են ատրպէյճանական տարածք` ԼՂՀ կողմէն:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:








All the contents on this site are copyrighted ©.