2014-05-19 09:07:56

«Արաբական Լիկան եւ ՄԱԿ-ը Սուրիական թղթածրարին մէջ կատարելապէս ձախողեցաւ» ըսաւ Նեպիլ Արապի։


Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Արաբական լիկան սուրիական թղթածրարին մէջ կատարելապէս ձախողեցաւ, ինչպէս նաեւ ձախողեցան ՄԱԿ-ը, սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը: «Ո՛չ ոք յաջողեցաւ, ո՛չ արաբական պետութիւններէն մէկը, ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի մնայուն անդամներէն մէկը, մասնաւորաբար նաեւ Ամերիկան եւ Ռուսիան», նշեց Արապի յայտնելով թէ. «Իւրաքանչիւր օր, որ կը սպաննուի սուրիացի քաղաքացի մը, ըլլայ ան ընդդիմութենէն կամ կառավարամէտ, մեր ձախողութիւնը կը հաստատուի»:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտած է Հալէպի մէջ ջուրի մատակարարման դադրեցումը: Ան կոչ ուղղած է վերականգնելու ջուրի մատակարարումը հաստատելով որ մարդիկ ջուրէ զրկելը մարդու հիմնական իրաւունքներու խախտում է:
ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր եւս դատապարտած է երեւոյթը` նշելով, որ այդ ձեւով վտանգուած է 2.5 միլիոն մարդ:
Հալէպ արդէն 8 օր է ջուրի մատակարարումէ զրկուած է:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող ահաբեկիչներուն կ՛աջակցին:
Դիւանագէտը յայտնած է, որ այդ երկիրները դէմ են Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներուն, որոնց նպատակն է ժողովրդավարութեան յառաջխաղացումը եւ Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ու օրէնքի գերակայութեան զարգացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.