2014-05-17 11:29:08

Մասնագէտները բացայայտած են «Ֆուքուշիմա-»-ի ճառագայթման արտահոսքին վայրը


«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ճափոնական «Ֆուքուշիմա-1» հիւլէական կայանը բանեցնող ԹԵՓՔՕ ընկերութեան մասնագէտները առաջին անգամ ըլլալով կրցած են յստակ կերպով ճշդել այն վայրը, ուրկէ ճառագայթուած ջուրի արտահոսում տեղի կ՛ունենայ:
Մասնագէտներու կարծիքով` շողարձակ տարրերու բարձր պարունակութեամբ ջուրի արտահոսքը տեղի կ՛ունենայ 3-րդ հնոցէն: Սակայն, թէ մասնագէտները ինչպէ՛ս պիտի դադրեցնեն արտահոսքը, տակաւին չի հաղորդուիր:
Հիւլէական աղէտը տեղի ունեցած էր 11 մարտ 2011-ին` Ճափոնի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ: Հզօր երկրաշարժին յաջորդած կործանիչ ծովաշարժը վնասած էր հիւլէական կայանի 6 հնոցներէն 4-ին` պատճառ դառնալով հիւլէական աղէտի:
Ներկայիս հիւլէական կայանի գլխաւոր խնդիրը ճառագայթուած ջուրի պահման վայրն է, ինչպէս նաեւ այդ ջուրի արտահոսքը: Կը նշուի, որ աղէտի հետեւանքները ամբողջութեամբ ջնջելու համար պիտի պահանջուի քառասուն տարի:







All the contents on this site are copyrighted ©.