2014-05-17 11:29:22

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն մը կ՛այցելէ Ռայի Պատրիարքին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ եւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Հաժ Ալի:
Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին այցելած են, որովհետեւ իրենք վարժ են հարցերը ուղղակի քննարկելու: «Մենք պատրիարքը տեղեակ պահեցինք Ս. հողեր անոր այցելութեան վերաբերեալ Հըզպալլայի կարծիքին, ինչպէս նաեւ այդ այցելութեան ունենալիք հետեւանքներուն մասին», ըսաւ Սէյիտ:
Սէյիտ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ներկայացուցած է իր այցելութեան կրօնական եւ հովուապետական տարողութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Երուսաղէմի քրիստոնէական պատկանելիութիւնը: «Մենք ներկայացուցինք մեր տեսակէտը, իսկ ինք ներկայացուց իր տեսակէտները», ըսաւ Սէյիտ` աւելցնելով, որ հարցը պատրիարքին սկզբունքներուն եւ հետապնդած նպատակին չի վերաբերիր, այլ այդ այցելութեան ունենալիք հետեւանքներուն` Լիբանանի, Իսրայէլի եւ ամբողջ շրջանի մակարդակին վրայ:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հարցին` Սէյիտ շեշտեց, որ անիկա Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կամ այլոց չի վերաբերիր, այլ` նախագահի անձին: «Եթէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու անձնաւորութիւնը համախոհական եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող անձ մը չէ, ապա մենք խորհրդարան պիտի չուղղուինք», ըսաւ ան:
Սէյիտ նաեւ ընդգծեց, որ համախոհական ժողովրդավարութիւնը մաս կը կազմէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին եւ երբ մեր թեկնածուն իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ապա մենք մեր կեցուածքը կը յայտնենք: «Կը մաղթենք, որ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյանայ եւ նախագահական ընտրութիւնը վաղն իսկ կատարուի», եզրափակեց ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին Ռայի պատրիարքին ջանքերը ողջունելի են` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը նախ եւ առաջ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն պատասխանատուութիւնն է, սակայն Սէուտական Արաբիա կ՛ողջունէ լիբանանեան համախոհութիւնը:
Ասիրի մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շարունակէ գործադրել իր ապահովական ծրագիրը` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը դրուատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին դերակատարութիւնը եւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` քաջալերելու համար արաբ զբօսաշրջիկները վերադառնալու Լիբանան:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` բանակին տրամադրած անոր եղբայրական օժանդակութեան համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.