2014-05-17 11:28:54

Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնատարը կը դատապարտէ ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսացի լրագրողներու ձերբակալութիւնը


Ազրպէյճանական kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Նիլս Մուժնիեքս դատապարտած է Պաքուի մէջ ֆրանսացի լրագրողներ Լորան Ռիշարի եւ Էմանուել Պախի ձերբակալութիւնն ու սարքերու բռնագրաւումը:
Մուժնիեքս «Թուիթըր»-ի ընկերային ցանցին վրայ գրած է. «Մտահոգուած եմ Ազրպէյճանի մէջ ֆրանսացի լրագրողներու ձերբակալութեամբ եւ նիւթերու բռնագրաւումով: Ատիկա հերթական հարուածն է այդ երկրին մէջ մամուլի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներուն»:
Ֆրանսացի լրագրողները ձերբակալուած էին Պաքուի օդակայանին մէջ` Փարիզ ուղղուելէ առաջ: Անոնք Պաքուի մէջ էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութեան լուսաբանման համար:
Յատուկ ծառայութիւնները անոնցմէ վերցուցած էին բոլոր սարքերն ու նկարահանած նիւթերը, իսկ անոնց ստիպած էին նստիլ Փարիզ ուղղուող օդանաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.