2014-05-17 12:11:41

Եպիսկոպոսներու արտակարգ սիւնհոդոսի խորհուրդի վեցերորդ նիստը։


13 եւ 14 մայիս 2014-ին, Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական խորհուրդը իր վեցերեոդ նիստը գումարեց քննարկելու համար յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք Եպիսկոպոսներու արտակարգ Գ սիւնհոդոսի ''աշխատանքային թղթածրարի'' առաջին նախագիծը։
Երեքշաբթի, մայիս 13-ի նիստին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Նիստերու ընթացքին ներկայացուեցաւ յառաջիկայ սիւնհոդոսական ընդհանուր ժողովի նոր մեթոտաբանութիւնը։
Երկու օր տեւող աշխատանքային հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատու` Կարտինալ Փիդէր Էրտօ եւ յատուկ քարտուղարը գերապայծառ Պրունօ Ֆորդէ։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէն նշանակուած սիւնհոդոսի երեք նախագահները` կարտինալ Վէն-Դրուա` Փարիզի առաջնորդը, կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ` Մանիլիայի առաջնորդը եւ կարտինալ Ռայմունտօ Տամաշէնօ Ասիզ` Աբարեսիտայի առաջնորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.