2014-05-16 10:28:26

“Թանգարաններու Գիշեր”-ը հանրութեան առջեւ կը բանայ Հայաստանի եւ Արցախի 100 թանգարանի դուռ։


“Թանգարաններու գիշեր” համաեւրոպական ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի Մայիս 17-ին, իսկ Մայիս 18-ին պիտի նշուի Թանգարաններու միջազգային օրը: 2014 թուականը յոբելինական է “Թանգարաններու գիշեր” համաեւրոպական ձեռնարկին համար. կը լրանայ ծրագրի 10-ամեակը:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով` այս տարի մասնակից թանգարաններուն թիւը նոյնպէս խորհրդանշական է` ծրագրի 10-ամեակին Հայաստանի եւ Արցախի 100 թանգարան իրենց դռները պիտի բանան թանգարանասէր հասարակութեան առջեւ:
Իւրաքանչիւր տարի կ’առաջադրուի օրուան խորհուրդին առնչուող որեւէ իւրայատուկ թեմա, որ հնարաւորութիւն կու տայ շեշտելու թանգարաններու գործունէութեան բազմազանութիւնը:
Ծրագրի խորագիրն է` “Թանգարանները կը միաւորեն մեզ”, որ ամբողջապէս կը համապատասխանէ իր խորհուրդին եւ առաքելութեան` միաւորելով մարդոց միեւնոյն գաղափարին շուրջ, որուն վկայութիւնն է իւրաքանչիւր տարի աւելցող այցելութիւններուն թիւը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի խորհուրդի եւ UNESCO-ի հովանաւորութեամբ ամէն տարի Մայիսին կ’իրականացուի “Թանգարաններու գիշեր” համաեւրոպական ծրագիրը: Հայաստանեան թանգարանները այս ծրագրին կը մասնակցին 2005 թուականէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.