Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին`
Թուրքիոյ Մանիսա նահանգին մէջ տեղի ունեցած պատահարին առիթով, որուն պատճառով Թուրքիոյ
հարիւրաւոր քաղաքացիներ զոհուած են: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան
եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սարգսեան
անկեղծ վշտակցութիւն յայտնեց Կիւլին եւ Թուրքիոյ ժողովուրդին` սփոփանքի խօսքեր յղելով
զոհերու հարազատներուն, վիրաւորներուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում: Վերջին տուեալներով`
Թուրքիոյ Սոմա աւանին մէջ գտնուող ածխահանքի հորերէն մէկուն մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցած
պայթումին պատճառով 282 անձեր զոհուած էին