2014-05-16 10:57:58

Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին հիմնարկութեան 50-ամեակը։


Երկուշաբթի, 19 մայիս 2014-ին, Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 50-ամեակը։ Արդարեւ վերոյիշեալ խորհուրդը հիմնուեցաւ 19 մայիս 1964-ին Աստուծոյ ծառայ` Պօղոս Զ Քահանայապետէն, ունենալով որպէս կէտնպատակ կապեր հաստատել ոչ-քրիստոնայ կրօներու պատասխանատուներուն հետ, համապատասխանելով Յիսուսի խօսքին`. ''Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ որ այս փարախէն չեն զանոնք ալ պէտք եմ հոս բերել''։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը այս 50 տարիներուն ընթացքին աշխատեցաւ շփումներ հաստատել այլ կրօներու ներկայացուցիչներուն հետ, երկխօսութեան, խաղաղութեան, ճշմարտութեան եւ եղբայրօգնութեան ի խնդիր։
Ներկայիս ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ'աշխատի բարեկամութեան մակարդակի բարձրացնել միջկրօնական երկխօսութիւնը։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը իր հիմնարկութեան 50-ամեակը տօնախմբելով երախտագիտութեամբ ու գոհանակութեամբ կ'ուզէ վերակոչել բոլոր անոնք որոնք սատարեցին երկխօսութեան զարգացումին, աշխարհին հետ։
Այս առթիւ երկուշաբթի 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 4.30-ին, հրապարակային դասախօսութիւն մը կը կազմակերպուած է ''50 տարիներ միջկրօնական երկխօսութեան ի սպաս'' նիւթին մասին։ Դասախօսութեան ընթացքին բոլոր ներկաներուն պիտի բաշխուի վաւերաթուղթ մը հայող Խորհուրդին 50 տարիներու ընթացքին տածած աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.