Այսօր ընտանիքը ընդհանուր
արմամբ ճգնաժամի մէջ է : Շատցած են ամուսնալուծումները, թուլցած ու քայքայուած են ընտանիքները
: Այսօր աւելի քան երբեք պէտք է կարեւորել ընտանիքի առաջնահերթութիւնը եւ պահպանումը,
ինչպէս նաեւ ընտանեկան արժեհամակարգի դեմ դուրս եկած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ''Ընտանիք'' նիւթին մասին, խորհրդածութեան մը ժամանակ,
առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին նախատեսուած` ընտանիքի մասին գումարուած
եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ըսած էր. « Ընտանիքը մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջն
է... Ի սկզբանէ Արարիչը օրհնեց այրն ու կինը, որպէսզի պտղաբեր ըլլան եւ բազմանան: Ուստի,
Ընտանիքը աշխարհի մէջ կը ներկայացնէ Աստուծոյ արտացոլումը` մէկ եւ երրեակ»: «... Ընտանիքը
այսօր, շարունակեց Պապը արհամարուած է, չարաշահուած է ու մեզմէ կը պահանջուի ապացուցել
ընտանիքի վերապահուած Աստուածային լուսաւոր ծրագիրը եւ զոյգերուն օգնել իրենց կեանքը
ուրախութեամբ ապրելու, աջակցելով անոնց ապրած դժուարութիւններուն» : Ընտանիքը` հասարակութեան
հիմքն է: Ան ոչ թէ վկայութիւն կամ պայմանագիր է, այլ սիրոյ ուխտ է: «Ընտանիք» կը նշանակէ
սերնդատուութիւն, պատասխանատուութիւն, եւ ազատութիւններու զոհաբերում: Եկեղեցին սրբացուց
այս գաղափարը: Ընտանիքը իւրայատուկ մէկ դպրոց մըն է մարդու ամբողջականութեան մասին:
Համահայկական հիմնախնդիրներու «Արեգ» գիտավերլուծական կեդրրոնի փոխնախագահ, վեր.
Սամուել Նաւոյեան, ընտանիքի վերաբերեալ գիտաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է թէ ընտանիքի
դէմ առաջին մարտահրաւէրը սեռական փոքրամասնութիւններն են. «Այս այլասերուածութիւնը, որ
եղած է հին աշխարհի կործանման պատճառը, կը ներկայանայ նաեւ մեր ժամանակներուն: Այսօր
համատարած բնոյթ ստացած գենդերային հաւասարութիւնը կը պաշտպանէ միասեռականներու իրաւունքներն
ու կ՛աղաւաղէ աւանդական ընտանիքի գաղափարը: Գենդերային հավասարութեամբ կինը կը կորցնէ
իր կանացիութիւնը, իսկ տղամարդը՝ առնականութիւնը» : Նոյն այս գիտաժողովի ընթացքին
անդրադարձ կատարուած է նաեւ համասեռամոլ (միասեռական) ընտանիքներու կողմէն որդեգրուած
երեխաներուն: Բանախօսներու խօսքերով հետազոտութիւնները ցույց տուած են, որ նման միջավայրի
մեծցող երեխաները աւելի յաճախ կը դիմեն ինքնասպանութեան: Ներկաներու համոզոմուվ այս երեւոյթը
քրիստոնեական արժեքներու անկումն է, որ իր ետեւէն ծանր հետեւանքներ կը ձգէ: Պէտք
է նշել նաեւ որ ընկերա-տնտեսական խնդիրները, արտագաղթը եւ ընտանեկան բռնութիւնը դիտուած
են որպէս հայկական ընտանիքներուն ամենալուրջ սպառնալիքները: ընկերա-տնտեսական խնդիրներու
պատճառով Հայաստանի մէջ ընտանիքներու մեծ մասը շատ երեխաներ չեն բեռեր եւ կը բաւարարուին
մէկ կամ երկու երեխայով: Ըստ 2011-ի մարդահամարի տուեալներու` Հայաստանի մէջ մէկ երեխայ
ունի կանանց 12 տոկոսը, երկու երեխայ` 29 տոկոսը, երեք երեխայ` 20 տոկոսը, չորս երեխայ`
7 տոկոսը, իսկ հինգ եւ աւելի երեխաներ` ընդամէնը 4 տոկոսը: Կանանց իրաւունքներով
զբաղուող կազմակերպութիւնները կը հաստատեն թէ Հայաստանի մէջ կանանց 40 տոկոսն իրենց
ընտանիքներուն մէջ բռնութեան առարկայ դարձած են: Կանայք գլխաւոր մասը չեն գիտեր օգնութեան
որո՞ւ դիմել, քանի որ հասարակութիւնը կը նախընտրէ ժխտել խնդիրը, քան լուծելը: Ուստի
Հայաստանի կանանց զգալի մասը ստիպուած է տարուայ մեծ մասը միայնակ կրել ընտանիքի ծանրութիւնը,
քանի որ ամուսիններն արտագին աշխատանքի համար կը մեկնին` հիմնականօրէն Ռուսաստան, պաշտօնական
տուեալներով` տարեկան 80-120 հազար հայաստանցի: