2014-05-16 10:03:09

Թուրքիոյ մէջ. ածխահանքի փլուզումէն ետք բողոքի ցոյցեր


Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Սոմա շրջանին մէջ գտնուող ածխահանքի մը մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը երէկ բարձրացաւ 282-ի: «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ դէպքէն ետք Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ցոյցեր տեղի ունեցած են: Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ բիրտ դիմադրութիւն ցոյց տուած է:
Պոլսոյ որոշ շրջաններուն մէջ հասարակական տարբեր կազմակերպութիւններու կոչով հաւաքուած եւ դէպի Թաքսիմ քայլարշաւ կազմակերպած են հարիւրաւոր մարդիկ, սակայն ճամբան ոստիկանութիւնը սկսած է արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործել:
Անգարայի մէջ եւս դէպի հանքափորի յուշարձան կազմակերպուած քայլարշաւը ոստիկանութեան կողմէ կասեցուած է:
Ըստ բրիտանական «Ինտիփենտընթ»-ի, Անգարայի մէջ բռնարարքները ընթացք առած են, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. «Այսպիսի արկածներ միշտ կը պատահին»:
Թրքական «Հապեր 8»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ համացանցի վրայ տարածուած է տեսանիւթ մը, ուր թրքական կայքին պնդումով Էրտողան ցուցարարի մը կը հարուածէ: Թուրքիոյ վարչապետը չորեքշաբթի օր այցելած է դէպքի վայր, եւ այնտեղ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին պատճառով Էրտողանի թիկնապահները փորձած են զինք պաշտպանելու համար խանութ մը մտցնել, սակայն այդ ընթացքին բախում տեղի ունեցած է, եւ պարզուած բռունցքներուն մէջ թուրք լրագրողները նկատած են նաեւ Էրտողանի ձեռքը:
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի խորհրդական Եուսուֆ Երքել ծեծած է ցուցարար մը: Լուսանկարիչները նկարած են խորհրդականը այն պահուն, երբ ան ոտքերով կը հարուածէր ցուցարարը: Ըստ օրաթերթին, Երքել երեք կամ չորս անգամ հարուածած է ցուցարարը` մինչ զինք պաշտպանած են երկու զինուորներ: Ատկէ առաջ վիրաւորը հարուածած էր վարչապետի ինքնաշարժներու շարասիւնէն ինքնաշարժ մը:
Լուսանկարը բուռն հակազդեցութիւններու դուռ բացած է: Պաշտօնեան հաստատած է, որ լուսանկարին մէջ իսկապէս ինք է, եւ խոստացած է պաշտօնական յայտարարութիւն կատարել:
Էսքիշեհիր, Քասթամոնու եւ Անթալիա քաղաքներուն մէջ ցոյցերն ու յիշատակի միջոցառումները կը շարունակուին:
Թուրքիոյ մեծագոյնը եղող Պետական պաշտօնեաներու սենտիքան, որուն անդամ են 240 հազար անձեր, կը պատրաստուի ամբողջական գործադուլի: Սենտիքան իր կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մը մէջ «Սոմայի ջարդ»-ին համար ամբաստանեց սեփականաշնորհման գործողութիւններ եւ արտադրածախսը նուազեցնելու համար աշխատաւորներուն կեանքը վտանգող քաղաքականութիւն վարողները` աւելցնելով, որ «անոնք պէտք է հաշուետուութեան կանչուին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.