2014-05-16 09:59:52

Եւրոպական Միութեան մէջ ներգաղթեալներու թիւը սուր աճ արձանագրած է


«Տէօչը Վելլը» կը հաղորդէ, որ Սահմանային պահպանութեան եւրոպական գործակալութեան` «Ֆրոնթեքս»-ի տարեկան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու թիւը 2013-ին սուր աճ արձանագրած է:
Գործակալութեան տուեալներով` 2013-ին Եւրոպական Միութեան սահմանները կտրելու փորձի համար ձերբակալուած է 107 հազար ապօրինի ներգաղթեալ: Ատիկա 34,500-ով աւելի է, քան 2012-ի թիւը: 2014-ի առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին իշխանութիւնները արդէն ձերբակալած են 42 հազար ներգաղթեալ: Այդ թիւը երեք անգամով կը գերազանցէ նախորդ տարիներու նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշները:
Գաղթականներու մեծագոյն հոսքը արձանագրուած է Իտալիոյ մէջ: 2014-ի յունուարէն ապրիլ երկարող ամիսներուն ընթացքին ծովու ճամբով այդ երկիր մուտք գործել փորձած են աւելի քան 23 հազար մարդիկ: Անոնցմէ շատերը եկած են անապահով նաւակներով` Լիպիայէն եւ Եգիպտոսէն: Նախորդ տարուան ընթացքին դէպի իտալական ափեր վտանգաւոր ճամբորդութիւնը համարձակած են կատարել 40 հազար ապօրինի գաղթականներ:
«Ֆրոնթեքս» կը յայտնէ, որ 2013-ին գաղթականները փորձած են Եւրոպական Միութեան տարածք մտնել Սուրիայէն, Էրիթրիայէն, Աֆղանիստանէն եւ Ալպանիայէն:
Գործակալութեան պաշտօնատարներուն կարծիքով` յառաջիկայ տարիներուն անօրինական ներգաղթը պիտի աճի: Մասնաւորաբար, հիւսիսային Ափրիկէէն եւ Թուրքիայէն աւելի շատ մարդիկ պիտի փորձեն յայտնուիլ Եւրոպական Միութեան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.