2014-05-16 10:45:46

Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ պիտի բանակցի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակի մասին:


Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ ունենալիք հանդիպումին ընթացքին, Երուսաղէմ` 25 մայիս 2014-ին, պիտի բանակցի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցին մասին։ Այս մասին յայտարարած է նոյնինքն Պատրիարքը` CNS կաթողիկէ մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին։ Նոյնպէս օրակարգի մէջ է Ուքրանիոյ տագնապը։ Բարթողոմէոս պատրիարքը մատնանշած է որ ''մեր հանդիպումին գլխաւոր նպատակն է հասնիլ քրիստոնեաներու միջեւ ''կատարեալ միութեան'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.