2014-05-15 10:59:50

Ֆրանչիսկոս Պապի, Մայիս 18-ին, Հռոմի ''Աստուածային Սէր'' Մարեմեան սրբավայր կատարելիք այցելութիւնը հետաձգուած է


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, հինգշաբթի 15 մայիսի առաւօտեան, յայտարարեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, յառաջիկայ կիրակի 18 մայիսին, Հռոմի ''Աստուածային Սէր'' Մարեմեան սրբավայր կատարելիք այցելութիւնը տեղի պիտի չունենայ, Սրբազան Հօր օրակարգը թեթեւցնելու նպատակով, ի տես Սուրբ Երկիր կատարլիք յառաջիկայ առաքելական ուխտագնացութեան։ Հայր Լոմպարտին յայտնեց նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապի` Մարեմեան սրբավայր կատարլիք հովուական այցելութեան յաջորդ թուականը տակաւին ճշդուած չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.