2014-05-15 10:17:12

«Պայման չէ, որ Իպրահիմիի յաջորդը Արաբ մը ըլլայ» ըսաւ Արապի


Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երբեք իրեն հետ չէ խօսած Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի յաջորդին Արաբական լիկայի ներկայացուցչութիւնը դադրեցնելու մասին` նշելով, որ իրենք համաձայնած են «յառաջիկայ առաքելութեան շուրջ խորհրդակցութիւնները շարունակելու»:
Արապի ըսաւ, որ ինք համաձայն չէ այն պնդումին, որ Իպրահիմիի յաջորդը անպայման արաբ մը պէտք է ըլլայ` աւելցնելով, որ Քի Մուն զինք տեղեակ պահած է, որ Իպրահիմին կ՛ուզէ, որ իր յաջորդը ըլլայ մակարդակովը նախկին հանրապետութեան նախագահի կամ վարչապետի մը, որ ազդեցիկ ըլլայ:
Արապի ըսաւ, որ Աւստրալիոյ վարչապետ Քեւին Ռոտ, որուն անունը կը նշուի իբրեւ Իպրահիմիի յաջորդը, «միջազգային յարգելի անձնաւորութիւն մըն է, զինք անձնապէս կը ճանչնամ եւ կը յարգեմ զինք ու արաբներու նկատմամբ անոր բարի զգացումները»` աւելցնելով, որ նոյնը կարելի է ըսել նաեւ սպանացի դիւանագէտ Խաֆիեր Սոլանայի մասին, որուն անունը եւս շրջանառութեան մէջ դրուած է:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը Իպրահիմիի եւ անոր նախորդին` Քոֆի Անանի առաքելութեան ձախողութեան համար այպանեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, որ անոնց օժանդակութեան կոչերը անպատասխան ձգած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.