2014-05-15 10:08:47

Salvifici Doloris առաքելական թուղթի հրապարակումի 30-րդ ամեակը


16-էն 17 մայիս, Հռոմի Սուրբ Պիոս Ժ դահլիճին մէջ, նախաձեռնութեամբ Իտալացի Կաթողիկէ բժիշկնեու հասատութեան, տեղի կ'ունենայ ազգային գիտաժողով, տօնակախմբելու՝ ''Salvifici Doloris – Փրկարար չարչարանքը'' առաքելական թուղթի հռչակման 30-րդ ամեակը։
Վերոյիշեալ ձեռնարկը տեղի կ'ունենայ, ''AMCI'' կոչուած՝ Եկեղեցական հաստատութեան հիմնադրութեան՝ 70-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններու ծիրէն ներս։
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եւ ելոյթ կ'ունենան, միջազգային մեծահամբաւ գիտնականներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական անձնաւորութիւններ, որոնց
շարքին՝ Քահանայապետական Հովուական եւ Բժշկական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Քարրասքօ Փաուլա։







All the contents on this site are copyrighted ©.