2014-05-14 11:29:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` Զօրութիւնը''։


Չորեքշաբթի 14 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալներուն ու անոնց ներկայացուցած իր ճառին մէջ, շարունակելով Սուրբ Հոգիի պարգեւներու մասին իր խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ ''զօրութեան'' պարգեւի մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – անցեալ ունկնդրութիւններուն ընթացքին խօսեցանք Սուրբ Հոգիի առաջին երեք պարգեւներու մասին` իմաստութիւնը, հանճարը եւ խորհուրդը։ Այս պարգեւները մեզի թոյլ կու տան Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ ու Անոր հետ մտերմութեան մէջ մտնել, խորհրդածելու Անոր սիրոյ ծրագիրի մասին եւ մեր ընտրութիւնները ընելու Անոր կամքին համաձայն։ ''Երբ սակայն կ՛առաջադրենք համապատասխանել Աստուծոյ սիրոյն ու Իրեն հետեւիլ, կը փորձարկենք նաեւ մեր տկարութիւնը եւ մեր անկարողութիւններն ու կղզիացումը։ Անգամ մը եւս Աստուած իր Հոգիին միջոցաւ մեզի կ՛ընդառաջէ ու նեցուկ կը կանգնի մեզի այլ պարգեւ մը շնորհելով` զօրութեան պարգեւը'', յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց սերմանողի առակին որ ելաւ սերմանելու։ Հատիկներ ինկան ճամբուն եզերքը, եկան թռչունները եւ բոլորը կերան։ Ուրիշ հատիկներ ինկան ապարաժի վրայ, ուր շատ հող չըկար. Անմիջապէս ծիլ տուին, որովհետեւ հողը խորունկ չէր։ Եւ երբ արեւը ելաւ, անոնք այրեցան ու չորցան, որովհետեւ արմատ չունէին։ Ուրիշ հատիկներ ինկան փուշերու մէջ. Փուշերը մեծցան, խեղդեցին զանոնք եւ պտուղ չտուին։ Ուրիշ հատիկներ ինկան լաւ հողի վրայ, բարձրացան, աճեցան եւ պտուղ տուին։ Յիսուս այս առակով սերմանողը կը նմանցնէ Հօր Աստուծոյ որ առատօրէն կը սերմանէ իր Խօսքի սերմը, որ յաճախ կը հանդիպի մեր սրտի չորութեան։ ''Զօրութեան պարգեւի միջոցաւ Սուրբ Հոգին մեր սրտի արտը կ՛ազատագրէ անորոշութեան, անտարբերութեան եւ բոլոր այլ մտավախութիւններէն որ կարող են արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ Խօսքին ներթափանցումին'' ըսաւ ապա Սրբազնա Քահանայապետը ու աւելցուց – ''Կան ապա դժուար պահեր ուր զօրութեան պարգեւը ի յայտ կու գայ օրինակելի ձեւով։ Այսօր երեկուայ նման, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, քրիտոսնեաներ պարզութեամբ եւ վճռակամութեամբ կը վկայեն իրենց հաւատքը, նոյնիսկ երբ գիտակից են այս ընտրանքի վճարելիք բարձր գինին։ Այս կը յառաջացնէ խոր զգացում մը որ կարելի է բացատրել միմիայն Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ որ ուժ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ կեանքի ամենադժուար պայմաններուն ընթացքին։
Այս պարգեւը կը սնուցէ մեր առօրեայ կեանքի ապրուած սրբութիւնը։ Սուրբ Հոգին մեզի ցոյց կու տայ որ Տէրը մեզի մօտիկ է ու մեզի նեցուկ կը կանգնի իր զօրութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Հայցենք Սուրբ Հոգիին բարեխօսութիւնը որպէսզի իր զօրութեան պարգեւի միջոցաւ մեր սիրտը վերակենդանացնէ ու մեզի նոր ուժ եւ խանդավառութիւն ներշչնէ հետեւելու համար Յիսուսին։ Եզրափակեց Ֆրաչիսկոս Պապը ու ապա խորհրդածութեան աւարտին զանազան լեցուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող բազամահազար հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։ Սուրբ Կոյսի նուրիուած Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան ակնարկելով ըսաւ` Սիրելի երիտասարդներ թող Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզի համար հադիսանայ սիրոյ դաստիարակ։ Ձեզի` սիրելի հիւանդներ ըլլայ նեցուկ առանձնութեան ու տառապանքի պահերուն եւ ձեզի սիրելի նորապսակեալներ ըլլայ օրինակ` միութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ ապրելու ձեր ընտանեկան կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.